Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 Դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովին Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին Կաթողիկոսութեանս հիմնախնդիրներէն քրիսոտնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, պահանջատիրութիւն, եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։
Իր օրակարգներուն աւարտին, Ժողովը ընթերցեց հոնկէ փխած բանաձեւերը, կատարեց անոնց քննարկումը եւ ստացաւ առաջնորդարաններէն եւ ժողովէն եկած առաջարկներ։ Ապա տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն։
Եզրափակելով Ժողովը, իր հայրապետական խօսքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ բարձր գնահատեց ժողովին ընթացքը, վստահեցուց, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ջանք պիտի չխնայեն ծառայելու ազգին։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ժողովը քննարկումներու ճամբով լուրջ մտահոգութիւններ արծարծած է, ինչ որ նոր ծրագիրներու մշակման մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց նորընտիր ժողովներուն, թէ Կաթողիկոսութեան աշխատանքները համայն հայութեան համար են եւ անոր համար հարկ է թափ տալ թեմերու վերակազմաւորման ու նոր որակով պարուրել աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջացնել Կաթողիկուսութիւն-թեմեր գործակցութեան նորարար մեքանիզմներ։ Հայրապետը առաջնահերթութիւն նկատեց Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը կատարել ծրագիրներու ճամբով ու աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ հայ ժողովուրդը Կաթողիկոսութեան կիզակէտն է եւ ոչ՝ լուսանցքային. մեկնելով հայ ազգի գերագոյն շահերէն, համահայկական մօտեցումով ըսելիք ու ընելիք ունի Ս. Աթոռը։ «Մեր առաքելութիւնը վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով պիտի շարունակենք։ Այդ տեսիլքը մեր հայրենիքին, եկեղցեւոյ ու միութեան հզօրացմուն է, մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան առաւել աշխուժացումն է։ Այս բոլորը մենք միասնաբար պիտի կատարենք՝ ձեր մասնակցութիւնը մեր հաւաքական աշխատանքին շատ կարեւոր է», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը (8 Դեկտեմբեր 2017)
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ