20 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին նուիրուած վաւերագրերու եւ արխիւային նիւթերու երկու ժողովածուներուն շնորհահանդէսը:
Ժողովածուները կ՚ընդգրկեն Հայաստանի Ազգային եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ պահուած վաւերագրերն ու արխիւային նիււթերը: Վաւերագրերուն Ա. հատորը տպուած է Ս. Էջմիածնի, իսկ Բ. հատորը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար՝ Լեւոն Մկրտչեան եւ մտաւորականներ։
Շնորհահանդէսի մասնակիցները դիտեցին Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին նուիրուած ֆիլմը, որմէ ետք ժողովածուներու բովանդակութեան եւ կատարուած աշխատանքին անդրադարձ կատարեց Հայաստանի ազգային արխիւի աշխատակից Գոհար Աւագեանը, որուն ազնիւ աշխատասիրութեամբ պատրաստուած են ներկայացուած արժէքաւոր հրատարակութիւնները: Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ Հ.Հ. ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն՝ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը՝ հանգամանօրէն անդրադառնալով Գարեգին Բ. Յովսէփեան Կաթողիկոսին լուսաւոր կերպարին, ժամանակի դժուարին պատմական հանգամանքներուն անոր նուիրեալ գործունէութեան եւ ազգին ու եկեղեցւոյ մատուցած անգնահատելի ծառայութեան։ Հ.Հ. ԳԱԱ թղթակից անդամ, արուեստագիտութեան դոկտոր՝ Փրոֆ. Վիգէն Ղազարեանը իր հերթին խօսեցաւ Գարեգին Կաթողիկոսին գիտական վաստակին մասին: Հանդիսութեան Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի կատարմամբ հնչեցին հոգեւոր երգեր։
Ապա, Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին մեծ վաստակին եւ յիշատակին առջեւ իր խոնարհումն արտայայտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ «Պատմութեան մէջ մեծութիւններ կան, որոնք լոյս կը դառնան ու լոյս կը մնան պատմութեան գիշերին դիմաց: Պատմութեան մէջ մեծութիւններ կան, որոնք իրենց հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ վեր կը մնան պատմութեան փոշիէն: Այսպէ՛ս եղաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը։ Հայ լեզուի բազմաշնորհ, բազմավաստակ բառերը տկար են նկարագրելու Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսին կեանքը և հոգեմտաւոր վաստակը՝ Ս. Էջմիածինէն սկսեալ մինչեւ Ռուսաստան, Թիֆլիս, Ամերիկա եւ Անթիլիաս: Հարուստ կեանք ունեցաւ ան եւ իր կեանքով ու վաստակով հարստացուց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքը: Հայաստանը ապրեցաւ նաեւ Հայաստանէն դուրս: Հայաստանը իր հետ տարաւ, ուր որ գնաց. Հայաստանը իր ոգիով, իր տագնապներով, իր տեսիլքով, իր քարերով, ձեռագիրներով ու մանրանկարներով: Մեր պատմութիւնը ճանչցաւ, ուսումնասիրեց եւ ապրեցաւ իր հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւններով։ …Պաշտամունքի հասնող սէր ունեցաւ հայ մշակոյթին նկատմամբ, մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը, հաւատքը, ծէսը, մեր ողջ պատմութիւնը դիտեց եւ արժեւորեց հայ մշակոյթի լոյսին տակ, որովհետեւ գիտէր, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ Հայաստանը, մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն ընդելուզուած են իրարու հետ», ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ խօսելով նուիրեալ հովիւ, յանձնառու ուսուցիչ, հայրենասէր, մտաւորական եւ գիտնական բազմաշնորհ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Հայրապետին մասին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին Կիլիկեան Գահին վրայ հայրապետութեան տարիներուն ու ըսաւ. «Գարեգին Յովսէփեան եղաւ, մնաց ու կը մնայ մեծութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ ճառագայթող մեծութիւններէն մէկը»։
Վաւերագրերու շնորհահանդէսին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ան ողջունելով հանդիսութեան մասնակից հոգեւոր դասն ու հաւատաւոր հայորդիները՝ ըսաւ. «Մեր եկեղեցին, որ դարերու հոլովոյթին մէջ յաճախ դիմագրաւած է նեղութիւններ, գործած է պատմական ու քաղաքական դժուարին պայմաններու մէջ, շնորհիւ առաքինազարդ հայրապետներուն՝ փառքով է յարութիւն առած փորձութիւններէն ու շարունակած է տէրունապատուեր իր առաքելութիւնը: Ահա այսպիսի մեծանուն կաթողիկոսներէն է Գարեգին Ա. Յովսէփեանը, որուն անունը արձանագրուած է մեր նոր ժամանակներու պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններու բարձրակէտին մէջ. «Այր՝ լի շնորհօք եւ զօրութեամբ» (Գրծ 6.8): Նոր Կտակարանի այս խօսքերը ճշմարտապէս կը բնորոշեն Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսը: Ան Քրիստոսի հաւատարիմ ու քաջ զինուոր էր հոգևոր անդաստանին մէջ, միութեան ջատագովն ու իրագործողն էր ներեկեղեցական ասպարէզին մէջ, փայլուն միտք էր գիտական աշխարհին մէջ, ոգի ու սխրանք էր մարտի դաշտին վրայ, մեծ հայ եւ ականաւոր գործիչ էր ազգային կեանքին մէջ: Ան իր հովուական ու առաջնորդական գործունէութեան բոլոր տարիներուն հայրական խնամքով, սիրով ու հոգատարութեամբ հովուեց մեր ժողովուրդի զաւակները, պայծառացուց անոնց հաւատքը, աւելցուց ազգասիրութիւնն ու հայրենանուիրումը: Տիրոջ անձնուէր սպասաւորի առաջնորդութեան ներքեւ վերելք ու զարթօնք ապրեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը Ղրիմի եւ Նոր Նախիջեւանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմերու մէջ: Մեր ժողովուրդի օրհասական պահուն Քրիստոսի նուիրեալ սպասաւորը դարձաւ ազգին ու հայրենեաց պաշտպանութեան զինուոր՝ «հովիւ քաջ, որ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց» (Յհ 10.11): Սարդարապատի մէջ ան երեւեցաւ որպէս նոր Ղեւոնդ Երէց եւ մահապարտներու գունդին ու հայոց աշխարհազորի հետ իր աւանդը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին եւ յաղթանակի կերտման, որ դարձաւ հիմքը մեր անկախ պետականութեան հաստատման:
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը առաքելութեան ծանրաբեռն վաստակով ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, եւ ինչպէս վկայեց Մեր հոգևոր եղբայրը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, առաւել շէնցուց Կաթողիկոսութիւնը, նուիրական տեսլականներ կեանքի կոչեց, եկեղեցանպաստ ու ազգօգուտ ծրագիրներ իրագործեց: Ան նորովի ցոլացրեց Լուսաւորչի տեսիլքի լոյսը Անթիլիասի մէջ, միաբանութեան լոյսը՝ տարաձայնութիւնները հարթելու, երկպառակութեան տանող ընթացքները կանխելու, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին միասնականութիւնը հաստատուն պահելու: Եւ խորհրդանշական է, որ այսօր Գարեգին Յովսէփեանի վաւերագրերու ու արխիւային նիւթերու ժողովածուներուն շնորհահանդէսին կը մասնակցինք Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ միասնաբար՝ ի նշան հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանին մէջ քրիստոսապատուէր սիրոյ ու միաբանութեան, որուն աւանդութիւններու ջատագովն ու պաշտպանն է եղած մեծանուն հայորդին: Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը եկեղեցական անդաստանին մէջ բեղուն ծառայութիւններէն բացի, մեր ժողովուրդին պարգեւեց նաեւ իր գիտական ու գրական գործունէութեան արդիւնքները: Անոր աշխատութիւնները ընդգրկեցին հայագիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառները` պատմութիւն, բանասիրութիւն, բանահիւսութիւն, գրչութիւն ու մանրանկարչութիւն, արուեստ, եկեղեցագիտութիւն, հնագիտութիւն, ձեռագրագիտութիւն: Ահա այսպէս այսօր մեր առջեւ կը ներկայանայ պայծառ կերպարը Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին՝ մեծ մարդ, ազգի արժանաւոր զաւակ, Քրիստոսի հաւատարիմ ծառայ»:
Այս առիթով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ժողովածուներու հրատարակութեան գործին մէջ իրենց ազնիւ ջանքերը ներդրած բոլոր անձերուն՝ ի մասնաւորի Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէնին եւ աշխատակից Գոհար Աւագեանին: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այս հրատարակութիւնները, որ արժանի տուրք են Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսի ծննդեան 150-ամեակի եւ վախճանման 65-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով, մեծապէս նպաստելու են ազգային-եկեղեցական մեծ գործիչի առաքելութեան վերարժեւորման եւ դառնալու են նոր ոգեշնչման աղբիւր: