«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆՔ`ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՎ» ՆԻՒԹՈՎ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, երէկ` Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2017-ին «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ ընթացք առաւ շրջանային միջթեմական երիտասարդական համագումարը` «Վերանորոգենք եւ Վերանորոգուինք` մասնակցելով» ընդհանուր նիւթով: Այս համագումարին կը մասնակցին 30 երիտասարդներ Լիբանանի, Բերիոյ, Քուէյթի եւ շրջակայից, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու Կիպրոսի թեմերէն:

 

Նշենք, որ այս համագումարը արձագանգն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ժողովին: Այդ թելադրանքին լոյսին տակ նախորդ ամիսներուն երիտասարդական համագումարներ կազմակերպուեցան նաեւ Քանատայի մէջ` մասնակցութեամբ Քանատայի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ու Վենեզուելլայի շրջաններու երիտասարդներուն, իսկ հոկտեմբերին համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ` մասնակցութեամբ Թեհրանի, Իսֆահանի եւ Ատրպատականի թեմերուն:

 

Այս առիթով, Անթիլիասի մայրավանք հասած համագումարի մասնակիցները հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ` Պիքֆայայի «Ս. Աստուածածնայ» վանքին մէջ: Իր պատգամով Նորին Սրբութիւնը նախ իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդներուն եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին մէջ ներկայութեան ու ներդրումին համար: Խօսելով երիտասարդութեան ներուժին կարեւորութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ երիտասարդները մեր ներկան են, եւ պէտք է անոնք իրենց տեղը ունենան ժողովուրդին կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ աշխատանքի լծուելու համար երիտասարդը պէտք չունի սպասելու որեւէ ղեկավարութեան հրամանին, այլ պէտք է ըլլայ նախաձեռնողը` անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ փշրելով իր շուրջ դրուած շղթաներն ու պատերը:

«Երիտասարդութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ այդ պատճառով մեր եկեղեցին այս նախանձախնդրութեամբ կը մօտենայ երիտասարդին` հեռու զգացական, տեսական ու պարագայական մօտեցումներէ», յայտնեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով. «Ես իբրեւ կաթողիկոս կը հաւատամ, որ մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին, ազգին, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն կեանքը սնուցանողը, դիմագիծ ու նոր ուղղութիւն տուողը երիտասարդութիւնն է, եւ կ՛ակնկալեմ, որ նոյն յանձնառութեամբ մօտենայ երիտասարդը մեր կեանքին, իսկ Երիտասարդական բաժանմունքին նպատակն ալ երիտասարդութիւնը մեր իրականութեան մէջ կենդանի ներկայութիւն դարձնելն է»:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս նշեց երեք հիմնական կէտեր` ինքնութիւն, մասնակցութիւն եւ վերանորոգում: Ան կարեւոր նկատեց հայկական ինքնութիւնը ու հայուն ինքնաճանաչման ու ինքնահասկացողութեան չափանիշներուն ճանաչումը: Սփիւռքի իրականութեան մէջ հայ ըլլալու ու մնալու մարտահրաւէրները տարբեր բնոյթ կը կրեն, քան նախորդ տարիներու մարտահրաւէրները, հետեւաբար նոյն զէնքերով պայքարիլը անիմաստ է, նշեց ան: Իւրաքանչիւր սփիւռք ունի իր դիմագիծն ու կենցաղը: Անհրաժեշտ է, որ հայերը մասնակից դառնան ազգային կեանքին` դրսեւորելու համար հայ ինքնութիւնը, ապա թէ ոչ օղակի կամ չորս պատերու միջեւ մնալով դատապարտուած կ՛ըլլանք ոչնչացման, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

 

Եզրակացնելով` Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց վերանորոգման կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ անհատներու վերանորոգման ճամբով կը վերանորոգուին նաեւ մեր կառոյցներն ու միութիւնները: Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ մեր եկեղեցին ալ պէտք ունի վերանորոգման, որուն համար մենք տեսիլք ունինք: «Վերանորոգուիլ չի նշանակեր մոռնալ անցեալը», շեշտեց վեհափառը` աւելցնելով սակայն, որ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է քանդել ու նորը շինել:

 

Համագումարին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Նշան Վրդ. Լախոյեան: Ան յայտնեց, որ «եթէ կ՛ուզենք ազգ մը պահել իր հայրենիքէն դուրս, անհրաժեշտ է կառչիլ ինքնութեան, իսկ եթէ կ՛ուզենք ազգ մը պահպանել իր հայրենիքին մէջ, այն ատեն անհրաժեշտ է զինուորական եւ տնտեսական զարգացում ու հզօրացում: Սփիւռքահայութեան երկաթէ շերեփը հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային ինքնութիւններու պահպանումն է»: Խօսելով համագումարին մասին` հայր սուրբը կարեւոր նկատեց երիտասարդութեան մասնակցութիւնն ու ներդրումը եւ ըսաւ, որ այս համագումարը առիթ մըն է երիտասարդութեան երկխօսութեան ճամբով ներկայացնելու իր մտահոգութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ մտածել լուծման միջոցներուն մասին:

 

Ս. Աստուածածնայ վանքին մէջ դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս Վրդ. Թիքիճեան ներկայացուց վանքը եւ անոր գործունէութիւնը: Ան յայտնեց, որ դպրեվանքը հիմնուած է 1930-ին Անթիլիասի մէջ, ապա 1978-ին փոխադրուած է Պիքֆայա, ուր կը գործէ մինչեւ հիմա: Խօսելէ ետք վանքին գործունէութեան ու սաներուն առօրեային մասին` հայր սուրբը արժեւորեց վանքին առաքելութիւնը իրերայաջորդ հայրապետներուն տեսլականով, որ չի սահմանափակուիր միայն Հայ եկեղեցւոյ ծառայողներ պատրաստելով, այլ նաեւ ազգին տալով մտաւորականներ ու տիպար քրիստոնեաներ: Ան ըսաւ, որ դպրեվանքին մէջ կ՛ուսանին շուրջ 60 սաներ, որոնք աւարտելէ ետք կը մեկնին նաեւ տարբեր համալսարաններ` շարունակելու համար իրենց ուսումը զանազան մարզերու մէջ, բոլորն ալ իրենց կարողութիւնները ի գործ դնելու յօգուտ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Ապա մասնակիցները շրջեցան ու ծանօթացան դպրեվանքին, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ պատարագին:

 

Իսկ Անթիլիասի մէջ, ներկաներու ծանօթացումէն ետք ընթացք առաւ առաջին նիստը: Նշան վրդ. Լախոյեան ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմականը` սկսելով հայրենիքին մէջ քրիստոնէութեան տարածումէն մինչեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ հաստատումը: Հայր սուրբը խօսեցաւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք տեղի ունեցած եկեղեցաշինութեան հոլովոյթին մասին, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ժողովրդագրական տարբեր պատճառներով կաթողիկոսական աթոռի տեղափոխութիւններուն եւ 1441-ին երկու կաթողիկոսութիւններու ստեղծման մասին: Հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան շրջանին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Սահակ կաթողիկոսին ապրած գողգոթային:

 

Երկրորդ նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի թեմի երիտասարդութիւնը եւ զեկուցեց թեմին մտահոգութիւններուն մասին: Հոս առաւելաբար քննարկուեցան լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եկեղեցիէն հեռու պահող դրդապատճառները եւ եկեղեցական ներքին կեանքը յուզող հարցերը, աւարտին մասնակիցները իրենց առաջարկները ներկայացուցին:

 

Նշենք, որ շրջանային միջթեմական համագումարը պիտի շարունակուի 9 եւ 10 Օգոստոսին: