Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԿ. ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆԸ

Երէկ, 24 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան» հիմնադրամի բարերար Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեանը՝ ընկերակցութեամբ նոյն հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Միմի Եոզկաթեանի։

Յայտնենք, որ շուրջ երկու տարիներ առաջ, Տիկ. Վերոնիք ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի, 725.000 ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով հիմնած էր մշակութային ֆոնտ մը Կաթողիկոսարանիս մօտ, որուն նպատակը նպաստել էր ֆրանսական թեքում ունեցող կրթական ու մշակութային ծրագիրներու։ Անցեալ տարի հիմնադրամը նպաստներ կատարած էր Ճեմարանին, Հռիփսիմեանց եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքին։ Հիմնադրամը նպաստած էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած երիտասարդական համագումարի ծախսերուն։

Ողջունելով ֆրանսաբնակ Տիկ. Վերոնիքին այցելութիւնը, Նորին Սրբութիւն անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց անոր օրինակելի նախաձեռնութեան համար եւ վստահեցուց, որ հիմնադրամը նոյն բծախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմեզեան, Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեան եւ Տիկ. Միմի Եոզկաթեան։