Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԲԱՆԱԿՈՒՄ»-Ի ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ

23 Օգոստոս 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Այնճար, հանդիպելու համար Լ.Օ.Խ.-ի կազդուրման կայանին մէջ ընթացք առած Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած «Աստուածաշունչի Բանակում»-ին մասնակցող երեխաներուն եւ պատանիներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստ մաղթեց բաժանմունքին վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հօր իր տուած այցելութեան ու յատկացուցած ժամանակին համար եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց ցարդ կատարուած ծրագիրները։

 

Ապա, խօսք առնելով Նորին Սրբութիւնը՝ գնահատեց բանակումին մասնակից երեխաները եւ յայտնեց, որ «այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը զիս կ՚ուրախացնէ, ինչպէս նաեւ կ՚ուրախացնէ մեր եկեղեցին, ժողովուրդը եւ բոլորէն վեր՝ զԱստուած»։ Վեհափառը Հայրապետը նշեց, որ նման առիթներ կարեւոր են, որպէսզի նոր սերունդին փոխանցուի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային հարուստ արժէքներն ու աւանդութիւնները, որոնք հիմք կը հանդիսանան գիտակից հայեր ու ապագայ ղեկավարներ պատրաստելուն։ Ան ողջունեց նաեւ մասնակիցներուն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին եկեղեցւոյ ու կը գիտակցին, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը թէ՛ անհրաժեշ է, թէ ալ հայկական ինքնութեան կարեւոր մէկ մասնիկն է։ Ապա, Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Մեղրիկ Սրբազանին, անոր շուրջ հաւաքուած կամաւոր բանակին, Այնճարի քաղաքապետութեան, Լ.Օ.Խ.-ին ու բարերաներուն, որոնց ջանքերով իրականացած է այս բանակումը։ Երեխաներուն հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ակնարկեց նման աշխատանքներու պատանեկան իր փորձառութիւններուն մասին ու խօսեցաւ Դպրեվանքին ընծայած առիթներուն մասին։  

 

Երեխաները իրենց սորված սաղմոսներն ու շարականները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով ներկայացնելէ ետք, արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Հայրապետին ու բանակումին պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն։ Աւարտին Նորին Սրբութեան ներկայացուցին իրենց նուէրը։ Երեխաները, որպէս ուխտ հայկական ինքնութեան պահպանման, ութ ծառեր տնկեցին բանակավայրին մէջ, իւրաքանչիւրը նուիրելով ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքահայութեան տէր կանգնող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհափառ Հայրապետներուն։ Այս իմաստով ութերորդ ծառը նուիրեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ իր անունով մկրտուած ծառին տնկման արարողութեան։