Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երէկ, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազունիէյի ազգային բուժարանի խնամակալութեանը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու հիւանդանոցին կատարած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հետզհետէ հիւանդանոցին ծաւալող գործունէութիւնը ու յատկապէս անոր կատարած ծառայութիւնը բժշկական խնամքի կարօտ ազգայիններուն ու լիբանանցիներուն։

Նշենք, որ հիւանդանոցը բժշկական իր այլ ծառայութիւններու շարքին, Լիբանանի մէջ բժշկական միակ կեդրոնն է, որ մասնագիտութիւնը ունի բուժելու թոքախտէ տառապող հիւանդները։

Հիւանդանոցը տասնամեակներէ ի վեր կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդին հսկողութեան տակ։

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վերջին 14 տարիներուն որպէս խնամակալութեան ատենապետ նուիրումով ծառայած Տիկ. Սօսի Պարսումեանին։ Ապա խնամակալութեան ատենապետ ընտրուեցաւ Տիկ. Թալին Գլպաշեան։