Երէկ, 1 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիէննայի մէջ հաստատուած Ապտալլահ Բ. թագաւորին կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար, ընկերակցութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը։ Նշենք, որ Դոկտ. Մուաամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլահ Բ. թագաւորին եւ ապա նշանակուեցաւ Վիէննայի մէջ թագաւորին կողմէ հինգ տարիներ առաջ հաստատուած կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած այժմէական հարցեր ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս կրօնական ղեկավարներու միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան գործընթացքներ ստեղծելու կարելիութիւնները։ Դոկտ. Մուաամմար, որ մօտէն ծանօթ է Նորին Սրբութեան, բարձր գնահատեց Հայրապետին բերած նպաստը շրջանէն ներս համակեցութիւնը ամրապնդող աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ձգտող Կեդրոնին նախաձեռնութիւնները։