Երէկ, 12 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Րիչըրտի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան թէ՛ Լիբանանի ներքին կացութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն առնչուած հարցեր։ Քննարկուած հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց իր տեսակէտները, իսկ դեսպանը իր կարգին՝ իր երկրին մտահոգութիւնները ու առաջադրանքները։ Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի, Հայ Դատի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու թեմերուն հետ կապ ունեցող հարցեր։