ՀԵՀՈՄ-Ը ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

3-5 Օգոստոս 2017-ին, Եգիպտոսի Ս. Մարկոս Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Students Christian Federation (WSCF)-ի շրջանային ժողովը։ Յանուն Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կարէն Եօսուլքանեանը։ Յիշենք, որ ՀԵՀՈՄը տարիներէ ի վեր գործունեայ աշխոյժ անդամ է եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի բոլոր ծրագիրներուն։ Ժողովին ներկայ էին բոլոր Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչները, որոնք ժամանած էին Լիբանանէն, Իրաքէն, Յորդանանէն, Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն եւ Սուտանէն։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ Միջին Արեւելքի համախմբումին ունեցած յարաբերութիւնը համաշխարհային WSCF-ին հետ եւ տեղի ունեցաւ ներքին աշխատակազմի նոր կանոնի քննարկում, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ WSCF-ME-ի շրջանի քարտուղարի իրավիճակին մասին։

 

Յայտնենք, որ ժողովի նախօրեակին տեղի ունեցաւ WSCF-ME-ի վեթերաններու հանդիպումը, որուն ներկայ էին բոլոր անոնք, որոնք մասնակցած են տարիներէ ի վեր Միութեան յայտագիրներուն։ Ապա, տեղի ունեցաւ ժողովի նոր նախագահի ընտրութեան քուէարկութիւն, եւ նախագահ ընտրուեցաւ Մուսա Մհաննին։ Ժողովի եռամսեայ հանդիպումները որոշուեցաւ Skype-ի միջոցաւ շարունակել: