Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱԿ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Այսօր երեկոյեան, 4 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Վարդան Նազիրեանի, Լոս Անճելըսէն, ընկերակցութեամբ Տիար Յարութիւն Երկանեանի՝ Հայաստանի ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն եւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ…