7 Սեպտեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԳԾՈՎ ՄԱԿ-Ի ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ սուրիական տագնապի գծով ՄԱԿ-ի բանագնաց Ստեփան Տը Միսթուրայի հետ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին Արմենօֆաս-ի նախագահ Փրոֆ. Թենի Սիմոնեան եւ Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ սուրիական տագնապի ներկայ հանգրուանին շուրջ տեղեկութիւններու ու վերլուծումներու փոխանակման։ ՄԱԿ-ի բանագնացը Նորին Սրբութեան պարզեց իր պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման գծով տեղի ունենալիք յառաջիկայ բանակցութիւններու մասին։

Ողջունելով Սուրիայէն ներս հետզհետէ խաղաղութեան հաստատումը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Տէր Զօրի ազատագրումին՝ յիշեցնելով անոր խորունկ նշանակութիւնը հայութեան համար որպէս Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ցեղասպանութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած ջարդերուն վերջին եւ ամէնէն ահաւոր հանգրուանը։

Հանդիպման ընթացքին նաեւ յատուկ անդրադարձ եղաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս հայ համայնքին վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Այս իմաստով Հայրապետը յայտնեց, որ արդէն իսկ ծրագրումի աշխատանքներուն լծուած է հայ համայնքը։

Նշենք, որ սոյն հանդիպումը Նորին Սրբութեան պաշտօնական չորրորդ հանդիպումն է Տը Միսթուրային հետ։

More News