ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՆՈՐ ՈՐԱԿ ՏԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին (18-20 Սեպտեմբեր 2017, Երեւան) Ջերմօրէն կ’ողջունենք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրին տակ դնելու ճիշդ որոշումը. եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-Սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ։ Կ’ողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագրին…