ՈՍԿԵԴԱՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Հայ ժողովուրդի անցեալը եւ ներկան յաճախ նոյնանման տագնապներով եւ մտահոգութիւններով կը բնորոշուի, որոնց դիմաց նոյնանման մարմաջներով եւ տեսիլքով զինուած անհատներ եւ հաստատութիւններ անպակաս են հայ կեանքի իրականութեան մէջ:

 

Տագնապը մտահոգութիւն կը ծնի, իսկ մտահոգութեան միակ սպեղանին կրնայ ստեղծագործութիւնը կամ գիւտը ըլլալ: Ստեղծագործութեան մեծութիւնը ցոյց կու տայ մտահոգութեան ահաւորութիւնը:

 

Արդ, որքա՜ն ահաւոր էր Մեսրոպ Մաշտոցի մտահոգութիւնը, որ զինք մղեց յօրինելու եւ գտնելու նոր Այբուբէն մը: Ան հիմնական մէկ տեսիլք ունէր, ըստ որուն հայ ազգի զաւակները նոյն լեզուն պիտի խօսէին եւ նոյն լեզուամտածողութիւնը պիտի ունենային, իւրայատուկ պիտի ըլլային, զայն պիտի պահէին եւ անորմով պիտի զատորոշուէին այլ ազգերէ: Հայ լեզուն պիտի մտնէր ամէն տուն, նորածին մանուկներ քաղցրահնչիւն հայերէն լեզուով պիտի բանային իրենց շրթները…: Այլ խօսքով, հայերէնը պիտի ապրէր հայուն մէջ, իսկ հայը պիտի ապրէր հայերէն լեզուի նրբութեան եւ հարստութեան մէջ:

 

Թերթատելով պատմութեան էջերը, կը տեսնենք Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի մտահոգութեան պատճառները: Մտահոգութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ 387 թուականին քաղաքական գետնի վրայ Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով բաժնուեցաւ երկու հզօր իշխանութիւններու՝ պարսիկներու եւ հռոմայեցիներու միջեւ: Այս բաժանումը իր հետ բերաւ մշակութային գետնի վրայ այլասերում, հիմնական երկու հոսանքներ յառաջացան՝ պարսկական եւ հռոմէական, որոնք բռնի ուժով հայութիւնը իրենց մէջ ձուլել կ՚ուզէին:

 

Այսօր ալ նոյնպէս, աշխարհագրական գետնի վրայ ճիշդ է որ ազատ եւ անկախ Հայրենիք ունինք, սակայն 1915-ի Մեծ Եղեռնը պատճառ դարձաւ, որ հայութիւնը բաժնուի հիմնական երկու տարածքներու վրայ՝ Հայրենիք եւ Սփիւռք: Այս բաժանումին առթած հիմնական վնասն է հայ ժողովուրդի ձուլումը զանազան երկիրներու մէջ եւ բաղխումը զանազան քաղաքակրթութիւններու հետ, որոնց գլուխը կանգնած է անգլերէն լեզուն եւ արեւմտեան մշակոյթը, որոնք իրենց հմայքով եւ ոչ-բռնութեամբ, ակամայ եւ ոչ-կամայ, կը կապեն մարդկութիւնը իրենց:

 

Եթէ Ե. դարուն Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը լաւագոյն լուծումն էր, իսկ ԺԸ. դարուն գրականութեան զարթօնքն էր, որ իր կարգին գրաբարը փոխարինեց աշխարհաբարով, այսօր նոր լեզուի կարիքը չունինք, այլ մեր ունեցած լեզուն պահպանելու եւ ճոխացնելու պարտաւորութիւնն ունինք: Սակայն, նախ պէտք է վանենք օտարամոլութիւնը եւ զգենունք մեր ինքնուրոյն «կրակէ շապիկը»: Անորմով շողանք, ան մեզ թող այրէ, բայց մնանք անոր ջերմութեան մէջ:

 

Ե. դարուն եթէ Այբուբէնը մեզի ինքնութեան դրոշմով կնքեց, այսօր այդ կնիքը պէտք է անաղարտ պահենք՝ անոր վրայ կուտակուած փոշիները մաքրելով:

 

Ե. դարուն եթէ Այբուբէնը մեր միակ զէնքն էր ձուլումին դէմ պայքարելու, այսօր այդ զէնքը կրկին անգամ պէտք է գործածենք՝ անոր վրայ կապուած ժանգը ջնջելով:

 

Եթէ Ոսկեդարը իր կարկառուն թարգմանիչներով հայ դպրութեան հիմը դրաւ, այսօր այդ դպրոցները յաճախենք, մեր շրջապատը քաջալերենք եւ ի սպաս հայ դպրոցի բարգաւաճման աշխատինք:

 

Ազգաշէն ու հայաշէն այս մարտահրաւէրները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր առաքելութեան անբաժան ընկերակիցը եղած են դարերու ընթացքին: Աստուածային օգնականութեամբ եւ այս կոչումի ներշնչումով, 87 տարիներ առաջ, երբ Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռը հաստատուեցաւ Անթիլիասի մէջ, երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս հիմնեց Դպրեվանք, որ տարիներ շարունակ նորանոր տիտղոսներով բնորոշուած, այդ տիտղոսներուն պատասխանտուութեան գիտակցութեամբ կը գործէ հայ ժողովուրդի անդաստանէն ներս: Մարդակերտման այս դարբնոցը հայակերտումի հիմնական հաստատութիւնը կը հանդիսանայ Սփիւռքի կեանքէն ներս, ո՛չ թէ որովհետեւ Նուիրապետական Աթոռ մըն է զայն հիմնողը, այլ իր յարատեւողական աշխատանքը, ժրաջանութիւնը, ծառայութեան եւ նուիրումի ոգին է, որ արժանաբար իրեն կու տան «Հայակերտումի Դարբնոց» կոչումը:

 

Այս առաքելութիւնը Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս ամփոփած է հետեւեալ տողերու մէջ. «Դպրեվանքը Ազգին վրէժը լուծելու համար է հաստատուած… Ազգին, Եկեղեցիին եւ Դպրոցներուն համար պատրաստուած մշակներ ընծայելով»: Իսկ Արամ Ա. Կաթողիկոս զայն կ՚որակէ՝ ըսելով. «Առաքելութիւն մը, որուն նպատակը կարելի է պարզ սակայն խորիմաստ բառով մը բնորոշել որպէս ազգաշինութիւն: Ու ազգաշինութեան մէջ ես կը տեսնեմ… մեր ազգը ամբողջ՝ իր անցեալով, ներկայով ու ապագայով, իր ո՛ղջ էութեամբ»:

 

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն խօսքերը իրար միացնելով կրնանք եզրակացնել, թէ Դպրեվանքի առաքելութեան նպատակը Սփիւռքին մարդուժ հայթայթելն է՝ ի խնդիր առողջ ազգաշինութեան:

 

Եւ ահա, դպրեվանքեան քաղցր աւանդութեան համաձայն, Թարգմանչացի տօնին, թարգմանիչ հայրերուն առաքելութիւնը ստանձնած, նոյնանման մտահոգութիւններուն դիմաց գտնուելով, Սահակ Պարթեւի աննկուն կամքով, Մեսրոպ Մաշտոցի տեսլականով եւ Սահակ Բ. Խապայեան Հայրապետին անխախտ հաւատքով, Դպրեվանքը իր ուխտը կը վերանորոգէ՝ սերմնացանի սքեմը հագած, բծախնդրութեամբ կը նետուի ծառայութեան անծայրածիր բացաստանը՝ ի խնդիր հայապահպանման անհրաժեշտ պարտաւորութեան:

 

ՆՈՐԱՅՐ ՍՐԿ. ՏԱԼԳԸԼԸՃԵԱՆ