Այս առաւօտ, 16 Դեկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» մօտէն իրազեկ դառնալու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէնութեան ու խնամակալութեան հետ եւ այցելեց զանազան բաժանմունքներ, ինչպէս նաեւ իր հայրական թելադրութիւնը կատարեց «Թռչնոց Բոյն»-ի պզտիկներուն։
Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցաբար խնամակալութեան հետ ճշդեց «Թռչնոց Բոյն»-ի այն բաժինը, որ արժանդինահայ բարերարուհիի մը կողմէ հիմնական բարենորոգութեան պիտի ենթարկուի՝ դառնալու համար փոքրիկներու ննջարաններ։ Հայրապետը թելադրեց, որ յիշեալ ծրագիրը իր վերջնական ձեւը ստանայ եւ շինութեան աշխատանքները անմիջապէս սկսին։