Այս առաւօտ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համագումար։ Համագումարին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք ճշդել Երուսաղէմի հարցին շուրջ։ Ինչպէ ծանօթ է, վերջերս ԱՄՆ նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբ պաշտօնապէս Երուսաղէմը ճանչցած էր որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք։ Նախագահին այս որոշումը ընդվզումի հսկայ ալիք յառաջացուց թէ՛ պաղեստինցի ժողովուրդին մէջ եւ թէ՛ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնական, քաղաքական եւ պետական շրջանակներէն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի ու արեւմտեան աշխարհէն ներս։
Այս հարցին մասին հոգեւոր պետերը իրենց տեսակէտները պարզեցին, եւ ապա միացեալ յայտարարութեամբ մերժեցին ԱՄՆ նախագահին որոշումը, կոչ ուղղեցին դատապարտելու այս կեցուածքը, նկատեցին Երուսաղէմը որպէս պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք եւ շեշտեցին միաստուածեան երեք կրօններուն սրբատեղիները պաշտպանելու կարեւորութիւնը։