Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դանիոյ լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ եկեղեցւոյ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։
Հանդիպումին, պատուիրակութեան խօսնակը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի եկեղեցական կեդրոնի մը մէջ, որ միշտ եղած է սիրելի ընդհանրապէս Տանիմարքայի ժողովուրդին ու յատկապէս եկեղեցւոյ համար։ Ան յիշեց պատմական սերտ կապերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Դանիոյ լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ՝ յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»-ին առնչուած։
Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Դանիոյ եկեղեցւոյ կատարած մարդասիրական հսկայ գործին՝ մասնաւորաբար հայ որբահաւաքի ու որբախնամութեան բնագաւառին մէջ։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց «Թռչնոց Բոյն»-ը, որուն հիմնադիրը եղած է Դանիացի Մարիա Ճէքըպսըն, ու ըսաւ. «Գացէ՛ք «Թռչնոց Բոյն», այցելեցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, հոն պիտի տեսնէք ու ապրիք Մարիա Ճէքըպսընի ոգեղէն ներկայութիւնը»: Հայրապետը աւելցուց. «Մեր ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ եւ երբեք չի մոռնար այն անձերը, որոնք հոգածութեան ու աջակցութեան ձեռք երկարած են իրեն, յատկապէս դժուար օրերուն»։ Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Դանիոյ լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութիւնը վերանորոգ թափով շարունակելու թէ՛ միջ-եկեղեցական եւ թէ՛ ընկերային ծառայութեան մարզերուն մէջ։