ՀԵՀՈՄ-Ը ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

30 Յուլիսէն 4 Օգոստոս 2017-ին, Նասըր (Եգիպտոս) քաղաքի Ս. Մարկոս Կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան Միջին Արեւելքի 32-րդ համաժողովը։ Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ուսանող երիտասարդներ, եւ յանուն ՀԵՀՈՄի իր մասնակցութիւնը բերաւ Սթիւ Ազատեանը:

Յիշեալ համաժողովին խորագիրն էր «Խաղաղութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան»։ Հաւաքի ընթացքին խաղաղարար ղեկավարի պատրաստութեան մէջ եղող համալսարանական ուսանողները աշխատանոցի միջոցաւ վարժութիւններ կատարեցին նոր խաղաղակերտ կերպեր որոելու համար։ ՀԵՀՈՄի ներկայացուցիչը օտար մասնակիցներուն ներկայացուց ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։