15 December, 2017

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻՆ

 

Երէկ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ՝ Փոլ Սայյահին։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին մօտ եկած էր ներկայացնելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նոր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Սուրայյա Պաշաալանին, որ կը պատկանի յիշեալ եկեղեցւոյ։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութենէն թելադրութիւններ լսել ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս էքիւմէնիք շարժումին ներկայ իրավիճակին մասին։

 

Հայրապետը ամփոփ գիծերով ներկայացուց էքիւմէնիք շարժումին պարզած ներկայ մարտահրաւէրները, յատկապէս ընդգծելով Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներուն միջեւ էքիւմէնիք գործակցութեան նոր ծաւալ տալու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար ընկերային ծառայութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ աւելի սերտ յարաբերութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը։

More News