ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ՝ «ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆՔ`ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՎ» ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

 
 
«Վերանորոգենք եւ վերանորոգուինք` մասնակցելով» միջթեմական երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017-ին, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Այս օր յատկացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Բերիոյ եւ Կիպրոսի թեմերուն երիտասարդներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն արծարծման:
 
Օրուան առաջին նիստով զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին գծով իրաւական յանձնախումբի անդամ, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամ եւ Լիբանանեան համալսարանի միջազգային օրէնսդրութեան դասախօս դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան: Ան երիտասարդներուն զեկուցեց կաթողիկոսարանին բացած դատին հոլովոյթին, դժուարութիւններուն ու ներկայ փուլին մասին` յայտնելով, որ այս դատը օրինական շրջագիծ ունի ու մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող փուլ մըն է: Դոկտ. Պայրաքտարեան նշեց, որ Անթիլիասի մէջ 2012 թուականին տեղի ունեցած խորհրդաժողովը մեկնակէտն էր Հայ դատը ճանաչումէն պահանջատիրական բնոյթ ստանալուն, որուն շնորհիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրանքով պատրաստուած է Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածներու վերադարձի դատին թղթածրարը:
 
Ապա ան անդրադարձաւ 2015 թուականին այս դատին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուելուն եւ անոր շուրջ տեղի ունեցած դէպքերուն: Ան հակիրճ ներկայացուց այն օրէնքները, որոնք դրած է ներկայ Թուրքիան եւ որոնք կը խոչընդոտեն դատին հեզասահ ընթացքը եւ դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւէ կաթողիկոսարանը ոչ ամբողջական արխիւային ու օրինական փաստաթուղթերու պատճառով: Խօսելով ներկայ իրավիճակին մասին` դոկտ. Պայրաքտարեան ըսաւ, որ ներկայիս դատը կը գտնուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակը, որ չ՛արտօներ դատը տեղական դատարան փոխադրելը: Աւարտին զեկուցաբերը լուսաբանեց երիտասարդներուն մտահոգութիւնները եւ պատասխանեց այս դատին բարդութիւններուն վերաբերող հարցումներուն:
 
Այնուհետեւ, Բերիոյ թեմէն եկած Երիտասարդները ներկայացուցին ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ յատկապէս սուրիահայ երիտասարդներուն դժուարութիւնները: Այս առնչութեամբ խօսուեցաւ մասնաւորաբար երիտասարդներուն անգործութեան, համալսարանական ուսման դժուարութիւններուն, զինուորական ծառայութեան ու զինակոչութեան պատճառով ֆիզիքական ու հոգեկան տագնապներուն ու արտագաղթին մասին: Խօսուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին թէ՛ նիւթական, թէ՛ ալ բարոյական գետնի վրայ:
 
Ապա, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան հակիրճ կերպով ու լսատեսողական միջոցներով ներկայացուց կաթողիկոսարանի աշխատանքներն ու առաքելութիւնը ներկայիս: Ան ըսաւ, որ գաղութներու կազմութիւնը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ըլլայ ատիկա անցեալին թէ ներկային, բայց եւ այնպէս կաթողիկոսութիւնը քարեղէն շէնքեր չէ միայն, այլ իր ժողովուրդն է, հետեւաբար այս կեդրոնին շուրջ գտնուելով անհրաժեշտ է դերակատար ըլլալ անոր աշխատանքին, որ կը բաղկանայ արխիւատունէն, Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակէն, կիրակնօրեայ վարժարաններէ, հրատարակչատան բաժինէն եւ անոր առցանց գրատունէն, տպարանէն, Երիտասարդական բաժանմունքէն, ՀԵՀՈՄ-էն, «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնէն, հայագիտական դասընթացքներէն, «Սիլիսիա թի.վի.»-էն, գրատունէն, «Կիլիկիա» եւ «Արամ Պեզիքեան» թանգարաններէն եւ այլն:
 
Օրուան վերջին նիստով Կիպրոսի թեմի երիտասարդները ներկայացուցին գաղութը եւ իրենց մարտահրաւէրները, որոնք առաւելաբար կը վերաբերին կիպրահայ երիտասարդներուն հայ եկեղեցիէն հեռու մնալուն, խառն ամուսնութիւններու թիւին աճին, ծրագիրներու հանդէպ անտարբերութեան եւ այլն:
 
Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի ընթացքին տեղի կ՛ունենային քննարկումներ եւ զրոյցներ:
 
Երիտասարդական համագումարին մասնակիցները օրուան աւարտին այցելութիւն տուին «Կիլիկիա» թանգարան, որմէ ետք հանդիպում ունեցան ՀԵՀՈՄ-ի երիտասարդներուն հետ: