«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵԼ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ»
ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ Այս առաւօտ, 18 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Եւրոպայի հայ համայնքներու չորրորդ համագումարին։ Համագումարի բացման իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան համապարփակ մօտեցում որդեգրելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Անցնող տասնամեակներուն մեր…