3 October, 2017

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ Ս. ՄԸՍՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆԵՐԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

3 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք այցելեցին Պիքֆայայի եւ Ս. Մըսքի քաղաքապետները, որոնք ընդունուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Յայտնենք, որ Ս. Աստուածածին Վանքը աշխարհագրականօրէն կը գտնուի յիշեալ երկու շրջաններու սահմանագիծին վրայ եւ, հետեւաբար, մօտէն կը գործակցի երկու քաղաքապետութիւններուն հետ։

Հանդիպումին ներկայ էին Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան եւ Ս. Մըսքի քաղաքապետութեան ու Կաթողիկոսարանիս Կալուածոց Տեսչութեան անդամ՝ Վահէ Գալէնճեան։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ վերոյիշեալ շրջաններու զարգացման ու յատկապէս Ս. Աստուածածին Վանքին առնչուած ծրագիրներու մասին խօսելու։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց երկու քաղաքապետերուն իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց զանոնք Վանքի յառաջիկայ ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին։

 

More News