ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻՆ

Հովանաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, այս տարի եւս Աստուածամօր նուիրուած աննախընթաց հոգեպարար շաբաթ մը ապրեցան մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները։

Արդարեւ, 7-11 Օգոստոս 2017-ի առաւօտները, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբթուան եւ համանուն եկեղեցւոյ 65-ամեակին առիթով, կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը՝ նուիրուած Կիլիկեան շրջանի ուխտատեղիներուն, իսկ երեկոները մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Դասախօսութիւնները ներկայացուեցան երիտասարդ միաբան հայրերու կողմէ։ Անոնք ժողովուրդին փոխանցեցին Կիլիկեան շրջանի մեր վանքերուն եւ ուխտատեղիներուն մասին ծանօթութիւններ, խօսեցան ուխտ հասկացողութեան մասին եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններով ու յորդորներով քաջալերեցին հաւատացեալները, որպէսզի ընդհանրապէս եւ այս շաբթուան ընթացքին յատկապէս, դիմեն Աստուածամօր, խնդրեն անոր բարեխօսութիւնը՝ իրենց ցաւերէն ազատելու, հիւանդութիւններէն բժշկուելու, հոգեկան անդորրութիւն ստանալու եւ հաւատքով աւելի լիցքաւորուելու։

Իսկ Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2017-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, տեղի ունեցաւ աւանդական աղօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք սկսաւ մատաղ պատրաստելու գործընթացքը։

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6։00-ին, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Անթիլիասի Մայրավանքէն սկիզբ առաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք։ Ուխտագնացութեան մասնակցեցան շուրջ 200 ուխտաւորներ, որոնց անմիջապէս ետք, ճամբու ընթացքին, միացան 300-է աւելի ուխտաւորներ, եւ իրիկուան ժամը 11։00-ին շուրջ 1000 ուխտաւորներ, 5 ժամ քալելէ ետք՝ կլիմայական ծանր պայմաններու մէջ, մուտք գործեցին Ս. Աստուածածին Վանք, ուր դիմաւորուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ՝ շրջապատուած միաբան հայրերով։ Ապա, նախագահութեամբ Նորին Սրբութեան, Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Անդաստանի շքեղ արարողութիւն։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ուղղուած ուխտաւորներուն բարձրակէտը հանդիսացաւ ուխտագնացութեան։ Հայրապետը իր քաջալերանքի խօսքը փոխանցեց ներկայ բազմութեան եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդութեան՝ ըսելով. «Հաւատքի ի՜նչ հոգեպարար տեսարան է այս տեսարանը՝ որպէս քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը։ Քրիստոնէական կեանքի ամէնէն գեղեցիկ ու հարազատ արտայայտութիւններէն մէկն է։ Ուխտագնացութիւնը քրիստոնէական իմաստով հաւատքի՛ ուխտագնացութիւն է։ Ուխտագնացութիւնը հաւատքով ուղղուած երկրէն բարձրացում է երկինք։

Ուխտագնացութիւնը Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպումն է։ Մեր ժողովուրդի զաւակները ահաւասիկ, եւ յատկապէս երիտասարդները, հաւատքի մղումով քալեցին, այս երկա՜ր ու յոգնեցուցիչ ճամբան կտրեցին՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն մինչեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք։ Եւ այսպէս, սիրելի երիտասարդներ, մեր ժողովուրդին դիմաց, մեզ շրջապատող համանքներուն դիմաց, ցոյց տուիք քրիստոնէական հաւատքին մեր ամուր կապուածութիւնն ու անխախտ հաւատարմութիւնը։ Դուք Աստուծոյ հետ ըլլալու կենդանի փաստը ու վկայութիւնը տուիք, քալեցիք մեր եկեղեցւոյ, մեր պատմութեան, մեր սուրբերու ու նահատակներու ճամբէն՝ վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով։ Մեր բոլորին ուխտը ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ կողմէ»։