Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնք եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Ֆատէյ Չարչողլեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեան, պետութեան ներկայացուցիչը, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, քահանայ հայրեր եւ ազգայիններ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպանին ու իր աշխատակազմին հետ։ Դեսպանը բարի գալուստ մաղթելով Նորին Սրբութեան՝ անդրադարձաւ իր կատարած կարեւոր դերին ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման ու ազգային իրաւունքներու հետապնդման։ Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի հայկական հողի վրայ։ Ան շեշտեց Հայաստանի կողքին ըլլալու Սփիւռքին պարտաւորութիւնը եւ ողջունեց դեսպանատան եւ Յունաստանի հայութեան գործակցութիւնը ու զայն աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։
Նոյն օրը երեկոյեան, Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Վարչութեան հետ՝ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորուըթեամբ։ Հանդիպումը առիթ մը հենդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու նորընտիր Ազգային Վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ թեմը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Ապա, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՀՅԴ-ի Կեդրոնական Կոմիտէն։ Հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս պետութեան ու քաղաքական շրջանակներէն ներս գաղութին ունեցած յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ դատի գծով կատարուող աշխատանքներուն։
Ապա Հայրապետին այցելեց Յունաստանի ընդդիմադիր կուսակցութեան պետը եւ առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային Վարչութեան ատենապետին ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի հարցերուն շուրջ։ Իսկ աւելի ուշ, Ազգային Վարչութիւնը ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։