ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ իւրայատուկ տեղ եւ դեր ունին Կիրակնօրեայ վարժարանները։ Այս ծիրէն ներս, Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանին աշակերտները, գլխաւորութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի. ներկայ էին նաեւ վարժարանին ուսուցիչներն ու ծնողները։

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը իրականացնող հաւատացեալներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն դերակատարութիւնը՝ կարեւորելով կիրակնօրեայ վարժարաններուն թրծած հոգեմտաւոր կրթութիւնը, որոնք կ՚ամրապնդեն հայկական ինքնութիւնը։