Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան ու նոր տարուան տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում՝ մեծ թիւով փոքրերու ու ծնողներու ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետը իր մաղթանքը ուղղեց եւ տօնածառին ու մսուրին լուսաւորումը կատարեց։ Ապա տեղի ունեցան օրուան խորհուրդին յատուկ երգեր ու արտասանութիւններ՝ հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծելով ներկայ բազմահազար ժողովուրդին մօտ։
Մայրավանքի շրջափակին մէջ կը տիրէր ճոխ մթնոլորտ, որովհետեւ հոն հաւաքուած էին գաղութիս մանուկները եւ շրջապատուած էին տօնական զարդարանքներով, նուագներով, երգերով ու պարերով։ Տօնախմբութիւնը սկսաւ Հոգշ. Տ. Հեթում Աբղ. Տաղլեանի եւ տիկ. Ժանին Դանիէլեանի բարի գալուստի խօսքով, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ «Բարեւ փոքրիկներ» դիմակահարներու խումբը։ Ս. Ծննդեան երգերով ելոյթ ունեցան Ս. Վարդանանց, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններուն աշակերտները, ինչպէս նաեւ «Կեդրոն» եւ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներն ու «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի փոքրիկները։
«Ս. Ծննդեան խորհուրդը» օրաթորիոյէն պատարիկներ հրամցուց Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը, իսկ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Տաթեւ» պարախումբը ներկայացուց «Բերդ պար»-ը։
Երգերուն ու պարերուն յաջորդեցին Ս. Ծննդեան կերպարներու հանդիսաւոր մուտքը դէպի մսուր, որմէ ետք Տօնածառին ու մսուրին լուսաւորումը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ։ Վեհափառ Հայրապետը իր սիրտը խօսքը արտասանեց Վեհարանի պատշգամէն, որմէ ետք շողշողուն լոյսեր արտացոլացին տօնածառէն ու մսուրէն։ Ասոր զուգահեռ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն ու Մայրավանքին շրջափակէն հնչեցին տօնական երգեր։ Ապա ժամանեցին կաղանդ պապուկները՝ «Բարեւ փոքրիկներ»ուն մասնակցութեամբ ու նուէրներ բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն։
Նշենք, որ Մայրավանքի շրջափակին մէջ ներկաներուն տրամադրութեան տակ դրուած էին հիւրասիրութեան կրպակներ, իսկ տօնախմբութեան յաջողութեան ազդակներէն էին նուիրատուները եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած կամաւոր բանակը, որ ջանք չխնայեց կանոնաւոր կերպով ներկայ գտնուիլ նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներուն։