2 October, 2017

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

1 Հոկտեմբեր 2017-ի իրիկուան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ վանաբնակ միաբաններու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ։ Միաբանական հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, եւ իրենց մտածումներն ու մաղթանքները բաժնեցին միաբան եղբայրներու հետ ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան առաւել հզօրացման։ Անոնք նաեւ ուրախութեամբ շեշտեցին, թէ մեր միաբանութիւնը ո՛չ միայն կ՚աճի եւ իր ծառայութեամբ կը կազմակերպուի, այլ նաեւ միաբանութեան գլուխը գտնուող Վեհափառ Հայրապետը իր լայնածաւալ գործունէութեամբ մեր Ս. Աթոռը դրած է ազգային-եկեղեցական ծառայութեան բարձրունքին վրայ ու զայն դարձուցած տիրական ներկայութիւն միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական դաշտէն ներս։

Հաւաքէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց մեր Ս. Աթոռին առաքելութեան առնչուած կարեւոր իրագործումներն ու երեւոյթները եւ յառաջիկայի ծրագիրները։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Կաթողիկոսութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է իր թեմերով, նոյնպէս միաբանութիւնը՝ Մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններով։ Մեր միաբաններուն կեանքի ճամբան ծառայութի՛ւնն է. այդ ծառայութիւնը կրնայ ըլլալ Մայրավանքէն թէ թեմերէն ներս, եւ ոեւէ մէկ ժամանակ կրնայ փոխուիլ՝ մեկնելով մեր ժողովուրդին ծառայելու հրամայականէն։

Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց միաբանութեան հոգեմտաւոր կեանքին կենսական կարեւորութիւնը։ Հոգեւորը ըլլալով մեր կեանքին առանցքը պէտք չէ անտեսել մտաւորական երեսը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եւ թելադրեց միաբան հայրերուն հեռու չմնալ գիրքէն ու ընթերցումէն։

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յաջորդ օրը միաբան հայրեր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն կը փոխադրուին Անթիլիասի Մայրավանք՝ վերանորոգուած կերպով վերսկսելու վանական կեանքին ու գործունէութեան։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Տնօրէն Ժողովի անդամ նշանակուած են հետեւեալ միաբանները.- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան։

Իսկ Կաթողիկոսարանիս ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ նշանակուած են.- Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Արազ Գոճայեան։

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ վերանորոգման հրամայականին։ Ան ըսաւ, թէ ներկայ տարին հռչակած ենք «Վերանորոգման Տարի»։ Առանց վերանորոգումի մեր կեանքը կը լճանայ, առանց հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու վերակենսաւորման, մեր կեանքը իր ուղղութիւնը կը կորսնցնէ։ Արդ, հրամայական կարիքը ունինք վերանորոգման թէ՛ որպէս անհատ, թէ՛ որպէս եկեղեցի, ազգ ու հայրենիք։ Վերանորոգումը պէտք չէ մեզի համար սոսկ լոզունգ դառնայ, այլ կեանքի մնայուն ընթացքը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

More News