Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԸՆԵՒԻ ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

Ժընեւ իր կարճ կեցութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ այցելելու քաղաքէն դուրս գտնուող էքիւմէնիք ուսումնական կեդրոնը (Ecumenical Institute):

 

Յայտնենք, որ այս կեդրոնը մաս կը կազմէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ուր կ՚ուսանին աշխարհի զանազան եկեղեցիներէն եկող համալսարանականներ, եւ ուր տեղի կ՚ունենան նաեւ միջ-եկեղեցական հանդիպումներ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին իր ատենապետութեան շրջանին, Նորին Սրբութիւնը կարեւոր դեր ունեցած էր յիշեալ կեդրոնին վերակազմակերպման մէջ։ Նաեւ նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, անցնող տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հինգ միաբաններ միջ-եկեղեցական կազմաւորման հետեւած են այս կեդրոնէն ներս։

 

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ կեդրոնի ընդհանուր տնօրէնին՝ Դոկտ. Իոն Սաուքայի հետ, մօտէն տեղեակ դարձաւ կեդրոնի նոր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ քննեց ուսման համար նոր միաբաններ ղրկելու կարելիութիւնները։