20 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանին (1943-52) նուիրուած վաւերագրերու եւ արխիւային նիւթերու ժողովածուներուն շնորհահանդէսը։ Երկու հատորներու մէջ ամփոփուած ժողովածուները կ’ընդգրկեն Հայաստանի Ազգային եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ ի պահ դրուած վաւերագրերն ու արխիւային նիւթերը։ Առաջին հատորը տպուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, իսկ երկրորդը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Երկրորդ հատորը կը սկսի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսքով՝ «Վկայութիւն մը՝ Մեծ Վկային մասին» խորագրով։ Ստորեւ կու տանք Վեհափառ Հայրապետին վկայութիւնը։
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝
ՄԵԾ ՎԿԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ
Պատմութեան մէջ դէմքեր կան, որոնք իրենց հոգեմտաւոր հարուստ վաստակով, արի կեցուածքով ու անանձնական ծառայութեամբ վեր կը մնան իրենց միջավայրի փոշիէն եւ ժամանակի ժանգէն ու կը պատկանին յաւերժութեան։
Այսպէ՛ս եղաւ Արցախի մէջ ծնած, Ս. Էջմիածնի մէջ հոգեւորականի կոչում ստացած, Գերմանիոյ մէջ իր բարձրագոյն ուսումը առած Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեան (1867-1952)։ Իր ողջ կեանքը եղաւ գերազանցօրէն հոգեմտաւոր ծառայութիւն հայ հաւատքին ու դպրութեան, մշակոյթին ու հայրենիքին։ Հայը ու քրիստոնեան, մտաւորականը ու հոգեւորականը, ուսուցիչը ու գիտնականը իրենց բոլոր տարածքներով ու գիծերով, շեշտերով ու տեսիլներով սերտօրէն ընդելուզուեցան իր կեանքին ու վկայութեան, մտածողութեան ու ստեղծագործութեան հետ։
Եզակի դէմք մը եղաւ՝ բառին վաւերակա՛ն իմաստով, Արցախի մարտունակ ոգիով թրծուած, Ս. Լուսաւորչի Կանթեղէն ճառագայթող լոյսով ոգեղինացած, մեր անցեալի մաքառումներով ու տագնապներով իր կեանքը շաղախած, հայ մտքի ու հոգիի գագաթներու շարքին ինք եւս գագաթ դարձած Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոս։ Իր բազմազան շնորհներով ու արժանիքներով, իր բազմաբեղուն գրիչով ու անխոնջ վաստակով Հայրապետական Գահ չբարձրացած ան արդէն իսկ կերտած էր իր մեծութիւնը, իր վեհափառութիւնը։ Եւ նո՛յնը մնաց՝ ահաւոր վերիվայրումներով ու տագնապներով լեցուն իր ողջ կեանքի ընթացքին՝ Ս. Էջմիածնէն մինչեւ Գերմանիա, Վրաստանէն մինչեւ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Անթիլիաս։
1897-ին, որպէս աբեղայ եւ 1917-ին, որպէս եպիսկոպոս հոգեւոր ծառայութեան կոչուած Գարեգին Յովսէփեան գերազանցօրէն եղաւ՝
-Ամէն բանէ առա՛ջ ու վե՛ր, հայ հոգեւորականի տիպար՝ հայ եկեղեցւոյ արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, ուսուցումներուն ու առաքելութեան նկատմամբ ունեցած օրինակելի նախանձախնդրութեամբ, մեր եկեղեցին քրիստոնէական վկայութեան ու ազգային ծառայութեան ճամբով ժողովուրդի կեանքին մէջ կենդանի ու կենդանարար ներկայութիւն դարձնելու իր հովուական ու ուսուցողական լայնածաւալ աշխատանքներով։
-Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային վեհ ու վեհացնող արժէքներու ու սրբազան ձգտումներու հրեղէն քարոզիչ՝ իր Սուրբ Գրային խոր վերլուծումներով, հայ կեանքը յուզող խնդիրներու նկատմամբ յստակ կեցուածքներով եւ սիրոյ ու միասնականութեան իր հայրական պատգամներով։
-Աստուածաբանական ու հայագիտական ուսմանց յանձնառու ուսուցիչ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին ու Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, հոգեւորականի կազմաւորման նուիրուած այս զոյգ կրթական կառոյցներու առաքելութեան տալով նոր շեշտ ու որակ։
-Արարատ (Ս. Էջմիածին), Հայաստանեայց Եկեղեցի (Միացեալ Նահանգներ), Բանբեր (Հայաստան), ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրք (Անթիլիաս) ամսագրերու ու հայագիտական հրատարակութիւններու հմուտ խմբագիր՝ առաւել բարձրացնելով անոնց մակարդակը ու հարստացնելով բովանդակութիւնը։
-Մատենագրութեան, գրչութեան, մանրանկարչութեան ու ճարտարապետութեան, ընդհանրապէս հայ մշակոյթի ու արուեստի, անզուգական արուեստաբան, ինչպէս նաեւ պրպտող, հաւաքող, համադրող, վերլուծող ու ուսումնասիրող եւ քարէն ու կոթողէն, ձեռագրէն ու մանրանկարէն անցեալի մեր պատմութիւնը լոյսի բերող լուրջ բանասէր։
-Բազմակողմանի հմտութեամբ օժտուած հեղինակ կոթողային աշխատասիրութիւններու ու ուսումնասիրութիւններու, եւ աստուածաբանական խորքով, պատմա-փիլիսոփայական մեկնաբանութիւններով ու գրական ոճով յատկանշուող բազմաթիւ գործերու, տպաւորապաշտ էջերու ու յօդուածներու։
Ու տակաւին՝ Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոս դարձաւ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր արիւն թափելու պատրաստ Ղեւոնդ Երէց, որ իր ռազմաշունչ կոչով ու ոգեշնչող ներկայութեամբ հաւատք ու կորով ներշնչեց մեր զինուորներուն՝ Սարտարապատի ճակատամարտին։
Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոս եղաւ բարեկամ ու գործակից իր ժամանակի մտքի ու հոգիի հսկաներուն՝ Խրիմեանէն ու Օրմանեանէն սկսեալ մինչեւ Աբեղեան ու Տրապիզոնի եւ բազմաթիւ այլ հեղինակաւոր դէմքերու. եւ իր բարեկամութեան հաւատարիմ մնալով հանդերձ մնաց նաեւ անշեղօրէն հաւատարիմ իր սկզբունքներուն ու տեսակէտներուն՝ իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ։
Հետեւաբար, տիպար հոգեւորական, մեծ մտաւորական ու քաջ հովիւ բնութագրումները փաստօրէն տկար են բնորոշելու մտքի ու հոգիի այս Արարատը, քսաներորդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ճառագայթող ներկայութիւն ու հայ եկեղեցւոյ երկինքին վերեւ լուսափայլ աստղ դարձած Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսը։
Ահա այսպիսի երկնատուր շնորհներով օժտուած ու զանոնք հոգեմտաւոր վկայութեամբ ու ստեղծագործութեամբ եւ ամբողջանուէր ծառայութեամբ թարգմանած այս տաղանդաւոր հոգեւորականը 1943-ին բարձրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Գահը։ Արդարեւ, Կաթողիկոսական հանգամանքը, Համաշխարհային Բ. Պատերազմին մէջ ընկղմած աշխարհը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ դիմագրաւած տագնապը ճի՛շդ է, ֆիզիքապէս աւելի մաշեցուցին ծերունազարդ Հայրապետը, սակայն, ան բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կատարեց իր հովուապետական ծառայութիւնը, երբեք չհեռացաւ հայ մշակոյթէն ու դպրութենէն եւ միշտ մնաց ձեռագրերով, մանրանկարներով ու գիրքերով շրջապատուած մինչեւ իր կեանքի վերջին րոպէն։
Իր Հայրապետական Գահակալութիւնը թէեւ ժամանակի իմաստով եղաւ կարճ, սակայն՝ իրագործումներով լեցուն շրջան մը։ Մեր հոգեմտաւոր մշակոյթի վերածաղկումը դարձաւ կիզակէտը իր աշխատանքին։ Դասախօսութիւններու ու հրատարակութիւններու ճամբով յատուկ ճիգ թափեց Կաթողիկոսարանը վերածելու, իր հոգեւոր առաքելութեան կողքին, մշակութային կեդրոնի, եւ Դպրեվանքը, իր բառերով՝ նոր օրերու Գլաձորի ու Արմաշի։
Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսի մասին կենդանի վկայութիւններ լսած եմ իր ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Զարեհ եւ Խորէն Կաթողիկոսներէն, իրեն աշակերտած Գարեգին Բ. Սարգիսեան Կաթողիկոսէն եւ իրեն գործակից դարձած Բիւզանդ Եղիայեանէն։ Հաղորդ դարձած եմ նաեւ Վեհափառի գործերուն։ Ինծի համար հոգեւոր ներշնչումի անսպառ աղբիւր եղած է իր «Դէպի Լոյս եւ Կեանք» գործը, որ կարծէք դէպի յաւերժական լոյս ընթացող իր ապրումներուն ու մտածումներուն, իր երկունքներուն ու տեսիլներուն վկայարանն է։
Աշակերտութեան օրերէս իսկ զիս այնքան տպաւորած ու ներշնչած է Գարեգին Վեհափառի կեանքի վերջին ամիսներուն առնուած լուսանկար մը՝ Անթիլիասի Մայրավանքի հին Վեհարանի տանիքին, ձեռագիրներով ու գիրքերով խճողուած սեղանի մը առջեւ եւ հին գրամեքենայի մը դիմաց աշխատանքի պահուն…։
Կիլիկեան Հայրապետական Ս. Աթոռի Գահին վրայ Գարեգին Յովսէփեան դարձաւ աստուածարեալ Հովուապետ ու մարգարէատեսիլ Հայրապետ, Շնորհալիներու Աթոռին վրայ՝ նոր Շնորհալի։ Իր կեանքը եղաւ աղօթքով ու ծառայութեամբ, գրիչով ու խօսքով կենդանի վկայութիւն ու գերագոյն ընծայաբերում՝ ի սպաս Աւետարանի ճշմարտութեան, հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան, հայ մշակոյթի ծաղկման, Հայաստանի անսասանութեան ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան։ Իրաւամբ, որքա՜ն կը պատշաճին Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին Մովսէս Խորենացիին բառերը՝ «մահկանացու ծնեալ, անմահ զիւրն յիշատակ եթող»։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 Սեպտեմբեր 2017
Անթիլիաս, Լիբանան