Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՕՐՀՆԷ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒ ՌՈՒՊԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

13 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Դպրեվանքի այգին եւ իր ներկայութեամբ օրհնեց խաղողահաւաքի եւ ռուպի պատրաստութեան դպրեվանեցիներուն տարած աշխատանքը։ Նշենք, որ խաղողահաւաքն ու ռուպի պատրաստութիւնը Դպրեվանքի տարիներու աւանդութիւնն է, որ սկսած է հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին կողմէն։ Ռուպի պատրաստութիւնը ո՛չ միայն դպրեվանեցիներուն համար ուրախալի աշխատանք մըն է, այլ նաեւ առիթ մը՝ հաւաքուելու Աստուծոյ ընծայած բնութեան ու պարգեւած բարիքներուն շուրջ։ Դպրեվանեցիները այս բերքահաւաքն ու ռուպի պատրաստութիւնը կը զարդարեն ազգային երգերով եւ հայաշունչ մթնոլորտով։