4 Նոյեմբերի, 2017

Հայ Համալսարանականներու Հունձքին 2016-2017 Կրթական Տարեշրջանին Գնահատանքի Երեկոյ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

ԳՈՐԾՕ՛Ն ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ, ՁԱՅՆԻ՛Ն, ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱ՛Ն»

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.  ԿԱԹՈՂԻԿՈՄ

 

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ համալսարանականներու հունձքին 2016-2017 կրթական տարեշրջանին գնահատանքի երեկոյ։

 

Այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ձեռնարկը եւ ուսանողներուն յաջողութիւնը, զայն նկատելով ոչ միայն անհատական յաջողութիւն, այլ նաեւ գաղութին յաղթանակը։ Նորին Սրբութիւնը ընդծեց, որ ուսանիլը հոգեմտաւոր ընթացք մըն է, որուն մէջ հայ ուսանողին յաջողութիւնը միայն իր անձին ու անմիջական ընտանիքին չի պատկանիր, այլ նաեւ հաւաքական ընտանիքին։ «Իւրաքանչիւր անհատ ինքնութիւն մը ունի ու հաւաքականի մը կը պատկանի. ձեր վկայականները եւ ուսումը ի սպաս պէտք է դնէք այդ հաւաքականին», նշեց Հայրապետը, շարունակելով. «Ես ուրախ եմ, որ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը այս տարի եւս կազմակերպեց այս գնահատանքի երեկոն ու իր դռները լայն կը բանայ ձեր առջեւ, եւ ուրախ եմ, որ դուք ընդառաջեցիք այս հրաւէրին, ունենալով այս հաւաքականութեան մաս կազմելու խոր գիտակցութիւնը»։ Վեհափառ Հայրապետը ապա կարեւորելով զարգացումը, ըսաւ, որ ուսումը աւարտ չունի եւ վկայականը ուսման աւարտ չի նշանակեր. իւրաքանչիւր անհատ, մանաւանդ ներկայ դարուս մէջ, գիտութեան զարգացումներուն հետ քայլ պահելու մարտահրաւէրներ ունի, իսկ հայ ուսանողը ունի կրկնապատիկ մարտահրաւէր, որն է թէ՛ հայկական ինքնութեամբ ապրիլ, թէ՛ բացուիլ օտարին ու անոր հետ երկխօսութեան մէջ մտնել, թէ ալ իր զարգացումը հաւաքականին տրամադրութեան տակ դնել, նշեց ան։ Անդրադառնալով Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ համախմբումը ոչ միայն լիբանանի մէջ, այլ նաեւ հայկական ամբողջ սփիւռքի տարածքին գործելու հրամայականը ունի, ինչպէս որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը կը ծաւալի միջազգային ընտանիքին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը խօսքը աւարտեց, ընդգծելով, որ հայ երիտասարդին դերը մեր կեանքին մայր էջին վրայ պէտք է ըլայ։

 

Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց համախմբումի նախագահ Տիար Յակոբ Հանտեան։ Ան նշեց, որ թէեւ Սփիւռքը դատապարտուած է ձուլման, սակայն մինչեւ վախճանը երկարող ժամանակաշրջանին մէջ կատարուած կազմակերպուած աշխատանքը կը յետաձգեն վախճանը, հետեւաբար իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պարտաւոր է կառչիլ իր ինքնութեան, զինուիլ հայեցի դաստիարակութեամբ, միաժամանակ ըլլալով ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին։ Հանտեան ընդգծեց սփիւռքահայ ուսանողին ուժականութիւնը հաւաքականին զարգացման ջանքերուն միացնելու անհրաժեշտութիւնը. «Անհատական մակարդակի վրայ իւրաքանչիւրս ունինք տարբեր կարողութիւններ», ըսաւ ան, «սակայն այդ բոլորը միաձուլուած մեր հաւաքական կարողութեանը մէջ՝ որպէս գաղութ, կ՚ունենանք շատ աւելի ուժեղ կարողութիւն, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ մեր կամքին պարտադրած եւ միտքին ծրագրած բոլոր աշխատանքներուն իրագործումը, պահելու եւ առաւել եւս սնանելու ու կեանք տալու մեր գաղութներուն, զանոնք առաւել եւս զօրացնելով աշխարհով մէկ», յայտնեց Հանտեան։ Հանտեան շնորհաւորեց 2016-2017 տարեշրջանի հունձքը ու մաղթեց, որ անոնք կարենան արժեւորել իրենց վկայականը եւ ծառայեցնեն ընտանիքին, եկեղեցիին, հայրենիքին։

 

Ուսանողութեան անունով խօսք առին Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն Ալեակ Լատոյեան եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն Յովիկ Ադամեան։

 

Լատոյեան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանահայ գաղութին հայանպաստ պայմանները, ուր հայկական եկեղեցի, վարժարան, միութիւններ, կ՚երաշխաւորեն հայ երիտասարդին հայկական միջավայրի մը մէջ հասակ նետելը։ Ասոր կողքին, ան խօսեցաւ ուսեալ հայ երիտասարդին հնարաւորութիւններուն մասին, որ կրնայ օգտագործել հայ գաղութին զարգացման համար։

 

Ադամեան ըսաւ, որ սոյն գնահատանքի երեկոն հպարտանալէ անդին գործի լծուելու երեկոյ է։ Ան ուսանողներուն յաջողութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, ընդծելով, որ ընտանիքը մարդակերտումի կարեւորագոյն դպրոցն է, իսկ ուսումը մարդակերտումի ծրագիրի կարեւոր հանգրուաններէն մէկը։ Ադամեան ընդգծեց, որ լաւ հայ ըլլալու համար պէտք է լաւ մարդ ըլլալ, ինքզինք լաւ ճանչնալ, բարոյականի տէր ըլլալ եւ վերջապէս կարենալ ինքզինք ղեկավարել։

 

Երեկոյին գեղարուեստական ներկայացումով հանդէս եկան ջութակահար Տիար Յովհաննէս Գարախանեան եւ դաշնակահար Տիկին Սիրվարդ Պոյաճեան­-Սապունճեան, որոնք ներկայացուցին Կոմիտասի Ծիրանի ծառը, եւ Խաչատուրեանի Օրօրն ու Ուզուն-Տարան։

 

Աւարտին, շուրջ 60 ուսանողներ պարգեւատրուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ՝ ստանալով օրինակ մը, իր հեղինակած «The Armenian Church» գիրքէն:

 

More News