1 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Եկեղեցեւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան նորընտիր վարչութիւնը՝ առաջնորդութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեանին։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով նոր վարչութեան ընտրութիւնը՝ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ի տարած աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր երիտասարդութիւնը համախմբել է Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան շուրջ։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը իր սպասումները յայտնեց նորընտիր վարչութեան ճամբով ուղղուած ՀԵՀՈՄ-ականներուն եւ թելադրեց որ առաւել ծրագրուած կերպով եւ երիտասադութիւնը յուզող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ ծրագիրներ մշակել։ Նորընտիր վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց յառաջիկայ տարուան աշխատանքային ծրագիրը։
Յայտնենք, որ ՀԵՀՈՄ-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համալսարանական ուսանողներու միութիւն է եւ անոր անդամները յաճախակի առիթներով կը մասնակցին ո՛չ միայն ազգային կառոյցներու կեանքին, այլ նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ժողովներու։ Այս իմաստով յիշենք, որ յիշեալ միութեան վարչութեան անդամ եղած է Գարլա Խիճոյեանը, որ այժմ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատուն է։ Ան տարբեր առիթներով երիտասարդութեան առնչուած միջ-եկեղեցական ժողովներուն մեր Ս. Աթոռը ներկայացուցած է, իսկ անցնող ութ տարիներու ընթացքին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի երիտասարդաց բաժնի պատասխանատուի պաշտօնը վարած է։