Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

  Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ մեր եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն մէկն է։ Անոր տօնը կը նշուի 12-18 Դեկտեմբերի զուգադիպող շաբաթ օրը։ Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնը կը զուգադիպի 16 Դեկտեմբեր 2017-ին.։ Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ։ Արարողութեան ընթացքին…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻՆ

  Երէկ, 14 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ՝ Փոլ Սայյահին։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին մօտ եկած էր ներկայացնելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նոր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Սուրայյա Պաշաալանին, որ կը պատկանի յիշեալ եկեղեցւոյ։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութենէն թելադրութիւններ լսել ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս էքիւմէնիք…