ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿՐՕՆ ԵՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ

26-էն 30 Նոյեմբեր 2017-ին, Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ «Կրօն եւ միջնորդութիւն» խորագիրով յատուկ յայտագիր մը, որուն հետեւեցան 18 մասնակիցներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, սոյն յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։

 

Իբրեւ շարունակութիւն 21-էն 23 Մայիսին Պերլինի մէջ տեղի ունեցած «Կրօններ եւ քաղաքականութիւն» հաւաքին, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս անգամ կիրարկած էր սեղմ ծրագիր մը՝ մասնագիտական վարժանիստերը վստահելով Պերկհոֆ հիմնարկին, որպէսզի վերջինս խորացնէ կրօններու միջեւ միջնորդութեան վերաբերող գիտելիքները։

 

Յայտագիրը առիթ ընծայեց գիտական թէ՛ փորձառական մօտեցումով խորացնելու կրօններու միջեւ միջնորդութեան թեման, զոր ներկայացուցին այս մարզին մէջ մասնագիտացած եւ պետականօրէն ճանչցուած գերմանացի մասնագէտներ։

 

Յայտագրին աւարտին, մասնակիցները հանդիպում մը ունեցան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ, ուր տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում «Կրօններ եւ քաղաքականութիւն» ոլորտին յառաջիկայ հաւանական ծրագիրներու մասին։

 

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գործուն եւ աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ այս յայտագրին. ան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումին ներկայացուց իր պատկերացումը պետութիւն եւ կրօններ գործակցութեան հաւանական եզրերու գծով։