19 February, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Սերժ Սարգսեանի վերընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց անոր:

 

Նորին Վսեմութիւն

Տիար Սերժ Սարգսեան

Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան

Երեւան

 

Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,

 

Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր վերընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ, հայրենի մեր սիրելի զաւակներուն Ձեր անձին նկատմամբ ցուցաբերած այս վստահութեան համար:

 

Արդարեւ, Ձեր նախագահութեան առաջին շրջանին, հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին բազմաթիւ դժուարութիւններուն, դուք յաջողեցաք Ձեր տքնաջան աշխատանքով, ամուր վճռակամութեամբ ու ճկուն քաղաքականութեամբ ո՛չ միայն շրջանցել շարք մը դժուարութիւններ, այլ նաեւ կարեւոր իրագործումներով հարստացնել մեր հայրենիքի արդի պատմութիւնը: Վստահ ենք որ Ձեր նախագահութեան երկրորդ շրջանին եւս պիտի ջանաք լաւագոյնս արդարացնել մեր ժողովուրդին արտայայտած վստահութիւնը՝ առաւել նախանձախնդրութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կատարելով Ձեզի վստահուած առաքելութիւնը:

 

Այս առիթով անգամ մը եւս կը վստահեցնենք Ձեզ, որ Մենք անձնապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ զօրավիգ ու քաջալեր պիտի հանդիսանանք Ձեզի՝ ի խնդիր Հայաստանի պետութեան հզօրացման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել սերտացման, Հայաստանի յարատեւ բարգաւաճման եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման:

 

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք, ամուր հաւատք ու աննկուն կամք:

Հայրապետական օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

More News