Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին, Շաբաթ գիշեր, 11 Օգոստոս, 2012–ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ

ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵՆԷ ՈՒ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԵՆԷ ԱՆԴԻՆ՝

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՆՑՆԻԼ ԳՈՐԾԻ

 

Սոյն գրութիւնը կը բաղկանայ հատուածներէ՝ առնուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տուած պատգամէն, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին, Շաբաթ գիշեր, 11 Օգոստոս, 2012–ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ:

 

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՃԻԳ Կ’ԵՆԹԱԴՐԷ

Վերջին տարիներուն, յաճախակի առիթներով պատգամեցինք, գրեցինք ու նոյնիսկ հանդիպումներ կազմակերպեցինք՝ յիշեցնելով մեր ժողովուրդին, թէ արեւմտահայերէնը, մեր լեզուն, տագնապի ու նահանջի մէջ է: Փաստօրէն արեւմտահայերէնը ո՜չ միայն աղաւաղուած է, ո՜չ միայն անոր գործածութիւնը սկսած է նուազիլ, ո՜չ միայն անոր նկատմամբ անտարբերութիւնը սկսած է տեղ գրաւել մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս երիտասարդութեան մօտ, այլ նաեւ հայ լեզուն սկսած է դառնալ լուսանցքային ներկայութիւն մեր տուներէն, մեր դպրոցներէն ու ընդհանրապէս սփիւռքի կարգ մը գաղութներէն ներս:

 

Լեզուն սոսկ հաղորդակցութեան միջոց չէ: Ան ազգի մը ներքին ապրումներուն, ձգտումներուն, տագնապներուն ու յղացքներուն հարազատ արտայայտութիւնն է: Լեզուն ազգի մը մշակոյթին կորիզն է. անոր ինքնութիւնը կերտող ու գոյութիւնը յաւերժացնող ազդու միջոց է: Այսպէ՜ս եղած է ու այսպէս է լեզուն մանաւանդ այսօ՜ր՝ լեզու, մշակոյթ ու ինքնութիւն քանդող համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Նայեցէ՜ք ձեր շուրջը. ազգեր հսկայ գումարներ կը ծախսեն իրենց լեզուն առողջ ու կանգուն պահելու համար:

 

Հայ լեզուն մեր ժողովուրդին էութեան ու լինելութեան անքակտելի մասն է դարձած: Պատմութեան ահեղ ալիքներուն դիմաց մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը պահպանող ու մեր ինքնութիւնը անաղարտ պահող ոգեղէն ուժ է դարձած հայ լեզուն: Մենք Աստուծոյ հետ հայերէ՜ն խօսած ենք: Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հայերէնո՜վ արտայայտած ենք: Ահա թէ ինչու մեր հոգեւոր ապրումներուն ու ազգային երազներուն հետ սերտօրէն շաղախուած է հայ լեզուն: Հետեւաբար, հայ լեզուէն հեռանալ կը նշանակէ հեռանալ մեր հաւատքէն, մեր մշակոյթէն, մեր արժէքներէն, մեր ձգտումներէն. այլ խօսքով՝ մեր ինքնութենէն: Հայ լեզուին տագնապը մեր ինքնութեան տագնապն է: Հայ լեզուին նահանջը մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն, ձգտումներուն ու աւանդութիւններուն նահաջն է: Արդ, չենք կրնար անտարբեր մնալ հայ լեզուին տագնապին դիմաց, որ դարձած է ամէնօրեայ ու գոյութենական ներկայութիւն մեր հաւաքական կեանքի բոլո՜ր բնագաւառներէն ներս:

 

Շուրջ երկու տարիներ առաջ, Պիքֆայայի վանքին մէջ արեւմտահայերէնի նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը կազմակերպեցինք: Ընդառաջելով համագումարի բուռն փափաքին, ՙԱրեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողով՚ մը յառաջացուցինք: Արդարեւ, դիւրին չէ այս աշխատանքը. սա հաւաքական ու երկարաշունչ ճիգ կ’ենթադրէ, որուն պէտք է մասնակցին մեր բոլոր կառոյցները, մանաւանդ կրթական մարմինները, ուսուցիչներն ու մտաւորականները: Այս ճիգը ո՜չ միայն կ’ենթադրէ հաւաքական ու լուրջ  աշխատանք, այլ նաեւ՝ հետեւողական ու ծրագրուած գործընթացք: Այս ծիրէն ներս մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն պատասխանատու մօտեցումը կը նկատենք խիստ հրամայական: Նաեւ կենսական կը նկատենք մեր ծնողներուն դերը ընտանիքէն ներս: ՙԱրեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը՚ շուտով պիտի սկսի իր աշխատանքին: Այս հանգրուանին կ’ուզենք հետեւեալ թելադրութիւնները կատարել.–

 

1) Մեր ընտանիքներէն ներս պէտք է միայն հայ լեզուն հնչէ. սա սրբազան պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր ընտանիքի: Հայ լեզուին առաջին ու մնայուն ուսուցիչը հայ ծնողքն է: Մենք կը մեղանչենք մեր սուրբերուն, մեր նահատակներուն, մեր պատմութեան դէմ երբ հայերէնը մէկդի թողած օտարին օտարացնող լեզուն գործածենք:

 

2) Մեր դպրոցները բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն պէտք է ընծայեն հայ լեզուին: Ցաւով կ’իմանանք, որ որպէսզի հայ աշակերտներ օտար լեզուներուն աւելի լաւ տիրապետեն, եւ որպէսզի պետական քննութեանց մէջ յաջողութիւն արձանագրեն, մեր կարգ մը դպրոցները սկսած են հայերէն լեզուով դասաւանդուող նիւթերը պակսեցնել իրենց դասացուցակներէն: Դատապարտելի է այս երեւոյթը: Հայ դպրոցի առաջնահերթ առաքելութիւնը հայակերտում է:

 

3) Ներկայ աշխարհի ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը հաղորդակցութեան արհեստագիտութեան աննախընթաց զարգացումն է: Մեր զաւակները պէտք է լաւապէս օգտագործեն հաղորդակցութեան ներկայ արդիական միջոցները՝ արեւմտահայերէնո՜վ, եւ ո՜չ թէ օտար լեզուներով կամ լատինատառ հայերէնով, հաղորդակցելով իրարու հետ:

 

Վստահ ենք որ նման եւ այլ ազդու միջոցներով եւ մեր բոլորին պատասխանատու վերաբերումով պիտի կարենանք կասեցնել նահանջը արեւմտահայերէնին:

 

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԱՋԱԿՑԻԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ

 

Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներքին տագնապները բնականաբար իրենց ժխտական հետեւանքները ունեցան շրջանի մեր գաղութներու կեանքէն ներս: Վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումները սկսան իրենց անմիջական ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ մեր համայնքին վրայ՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Հոմսի, Լաթաքիոյ, Ճէզիրէի եւ այլ շրջաններէն ներս: Մենք չէինք կրնար անտարբեր մնալ այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց: Մեր գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը մնայուն կապերու ու խորհրդակցութեան ճամբով իր յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեցինք մեր համայնքի հոգեւոր ու ազգային պատասխնատուներուն, եւ կը շարունակենք նոյն ընթացքը՝ հեռու ամէն տեսակ լուսարձակներէ: Մեզի համար հիմնականը Սուրիոյ հայութեան անվթար ու ապահով պահպանումն է, անոր կառոյցներուն պաշտպանութիւնը եւ կարիքներուն ընդառաջումը:

 

Սփիւռքի ու մանաւանդ հայրենամերձ գաղութներու հզօր ու կազմակերպ պահպանումը մեր ազգի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ: Տեղ մը տկարացնել կամ անտեսել ուրիշ տեղ մը հզօրացնելու քաղաքականութիւնը անհեռատես ու վնասաբեր է: Մեր ժողովուրդին ընդհանրական շահերը կը պահանջեն իւրաքանչիւր գաղութի ամբողջականութեան ու հզօրութեան ամրապնդումը:

 

Արդարեւ, Սուրիոյ հայութիւնը ո՜չ միայն պատմական գաղութ է, ո՜չ միայն իր արմատները խորապէս նետած է սուրիական հողին մէջ, ո՜չ միայն կրօնական, ազգային ու մշակութային իմաստով աշխուժ գաղութ մըն է, այլ նաեւ մարտավարական ու ռազմավարական առումով յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող գաղութ մըն է Միջին Արեւելքէն ներս, թէ՜ յարաբերաբար Հայաստանին, թէ մեր ազգի պահանջատիրութեան եւ թէ ընդհանրապէս Սփիւռքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն: Հետեւաբար, ընդունելի չեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի կարգ մը լրատուական միջոցներուն երբեմն մակերեսային, անտեղի ու միակողմանի մօտեցումները: Սուրիոյ հայութիւնը ինքնավստահ ու կազմակերպ գաղութ է. ան պէտք չունի թելադրութիւններու. իր կեանքի այս դժուար հանգրուանին ան պէտք ունի մեր բոլորին ամբողջական նեցուկին ու գործնական աջակցութեան:

 

Սա պահուն, երբ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները արբանեակային հեռատեսիլի ճամբով կը հետեւին Մեր խօսքին, կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.–

 

1) Բարձր գնահատանքով կ’ողջունենք Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած ու առողջ մօտեցումը իր շուրջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն: Մեծապէս կը գնահատենք նաեւ մեր կառոյցներուն ու ժողովուրդին տէր կանգնելու ու անոնց կարիքներուն ընդառաջելու հաւաքական ճիգը մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն: Կը վստահեցնենք զիրենք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ Սուրիոյ հայութեան կողքին՝ զօրակից ու գործակից մեր համայնքի բոլոր կառոյցներուն ու զաւակներուն:

 

2) Սուրիոյ հայութիւնը, որպէս կազմակերպ գաղութ, ինչպէս նաեւ որպէս Սուրիոյ կարեւոր համայնքներէն մէկը, կը շարունակէ մնալ ամրօրէն կառչած սուրիական հայրենիքին եւ անոր գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն: Մենք միշտ կը մնանք երախտապարտ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ: Չմոռնանք, որ նոյն ժողովուրդի զաւակներն էին, որոնք թրքական ջարդերէն ճողոպրած մեր գաղթական ու որբ զաւակները ընդունեցին եւ իրենց ջուրն ու հացը բաժնեցին անոնց հետ: Այս օրերուն, երբ Սուրիան տագնապի մէջ է, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ եւ պարտուողականութեան ու հեռացումի ճամբան բռնել: Սուրիոյ մեր հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուները քանիցս Մեզի վստահեցուցին, թէ Սուրիոյ հայութիւնը պիտի մնայ կառչած սուրիական հայրենիքին, պիտի շարունակէ իր եղբայրական գոյակցութիւնը իսլամ թէ քրիստոնեայ համայնքներուն հետ, ինչպէս նաեւ վերանորոգ հաւատքով ու կամքով պիտի շարունակէ իր ազգային–եկեղեցական հաւաքական կեանքը:

 

3) Ըսի՜նք ու կը կրկնե՜նք. Սուրիոյ հայութիւնը, իր կեանքի այս դժուար հանգրուանին, անմիջական կարիքը ունի մեր բոլորին անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութեան: Տնտեսական դժուարութեանց հետեւանքով կարիքաւոր ընտանիքներուն  թիւը սկսած է բազմանալ: Յառաջիկայ ամիս երբ դպրոցները իրենց դռները բանան մեր աշակերտները պիտի գտնուին տնտեսական լուրջ դժուարութեան դիմաց: Մեր համայնքային կառոյցները եւս կը դիմագրաւեն բազմատեսակ մտահոգութիւններ: Հետեւաբար, նիւթական աջակցութիւն Սուրիոյ հայութեան՝ անյետաձգելի ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է այսօր: Արդարեւ, ինչպէս Լիբանանի հայութիւնը, շնորհիւ իր միասնականութեան, իր ամուր հաւատքին ու ամուր կամքին եւ այլ գաղութներու նիւթական օժանդակութեան, պահեց իր հաւաքական ներուժը ու կենսունակութիւնը, վստահ ենք որ նո՜յնը պիտի կատարէ Սուրիոյ հայութիւնը:

 

Համահայկական մարտահրաւէրները անհրաժեշտ է համահայկական ճիգով ու յանձնառութեամբ դիմագրաւել: Ա՜յս է մեր ազգին հզօրութեան ճամբան:

 

 ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

11 Օգոստոս, 2012

Անթիլիաս, Լիբանան