ՙԸնկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հիմքը կը կազմէ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի հայկական հաստատութիւններու մէջ գործող ընկերային ծառայողները, Ընկերային Ծառայողներու Միջազգային Օրուան առիթով: Առաջին հերթին օրդ. Անի Պուճիքանեան խօսք առնելով ներկայացուց ընկերային ծառայողները, ինչպէս նաեւ՝ անցնող տարիներու ընցթացքին լիբնանանահայ ընկերային ծառայողներու կատարած աշխատանքը: Ներկաներուն իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց…