Սուրիոյ հայութեան աջակցութիւնը առաջնահերթ տեղ գրաւեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան եւ առաջնորդներու հանդիպումին

Վերջին երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպումներ Թեմակալ Առաջնորդներուն հետ՝ հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:

 

Կրօնական Ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կրօնական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ վարժարաններու, Երիտասարդական, Միջ–եկեղեցական ու Միջ–կրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն կատարած աշխատանքները անցնող ամիսներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ծրագիրները: Քննարկումի նիւթ դարձան հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններուն հետ Ս. Աթոռին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան աշխատանքներուն ընթացքը: Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան Դպրեվանքը, քահանայից դասընթացքը եւ քահանայից վերաորակաւորման գծով կատարուած նախաձեռնութիւնները: Զեկոյցներու ու քննարկումներու լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին ու ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն նկատմամբ: Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ շեշտեց թէ՝ «կատարուածով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ ձգտիլ աւելիին, լաւագոյնին, ամբողջականին: Եկեղեցին կոչուած է ընդառաջել մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու սպասումներուն, որոնք այլազան են ու բազմազան», յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետը:

 

Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը իր կարգին, առաջին հերթին քննարկեց Յունիսին տեղի ունենալիք Ազգ. Ընդհ. Ժողովի առնչուած հարցեր: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղը: Ճշդուեցաւ Կաթողիկոսարանի 2013–ի ընթացիկ նախահաշիւ պիւտճէն՝ վաւերացուելէ յետոյ 2012–ին իրագործուած պիւտճէն: Ընդհանուր ակնարկ մը նետուեցաւ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն՝յատկապէս Ցեղասպանութեան 100–ամեակին առնչուած: Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը նաեւ անդրադարձաւ կարգ մը թեմերուն հետ աղերս ունեցող կարեւոր հարցերուն եւ ապա շուրջ չորս տարիներ առաջ ճշդած իր աշխատանքային ծրագրին վերարժեւորումը կատարեց:

 

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած ժողովական աշխատանքներուն երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ու Թեմակալ Առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Սոյն հանդիպման ընթացքին, լայն քննարկումի ու խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը, Ցեղասպանութեան 100–ամեակին գծով տարուող աշխատանքները, Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը, ինչպէս նաեւ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը: Վերոյիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց ժողովականներուն, միաժամանակ պարզելով մեր Սուրբ Աթոռին տեսակէտները, մտահոգութիւնները ու սպասումները:

 

Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հարցը թէ՛ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն եւ թէ Առաջնորդներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւս առաջնահերթ տեղ էր գրաւած: Այս առիթով նախ կարդացուեցաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Սրբազանին ընդարձակ զեկոյցը կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն շուրջ: Նշենք որ Սրբազանը չէր կրցած այս ժողովներուն ներկայ գտնուիլ Հալէպի օդակայնի փակման պատճառով: Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց մեր բոլոր թեմերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու այն բոլոր գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն, որոնք օժանդակած էին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառը յայտնեց, որ Կաթողիկոսարանին կողմէ ցարդ ստացուած շուրջ մէկ միլիոն տոլարին մեծագոյն մասը արդէն փոխանցուած է Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարանը: Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով կոչ ուղղեց Թեմակալ Առաջնորդներուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ նո՛յն ոգիով շարունակեն իրենց աջակցութիւնը օժանդակելու սուրիահայութեան կարիքներուն:

 

Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական չորս Աթոռներու եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ յառաջիկային տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց Ժողովին գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուեցան Օշական Արքեպիսկոսպոսին եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսին կողմէ, որոնք անդամ են յիշեալ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն լծուած աշխատանքին: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողով մը գումարելու հրամայականը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հայ եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգութիւնը:

 

Ցեղասպանութեան 100–ամեակի նշման աշխատանքներու ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի գլխաւորութեամբ գումարուող 100–ամեակի համահայկական յանձնախումբի ծրագրումներուն ու աշխատանքներուն: Ապա ան շեշտեց Սփիւռքէն ներս ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս միասնական ոգիով, ծրագրուած աշխատանքով ու պահանջատիրական կեցուածքով 100–ամեակը նշելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Ազգ. Ընդհ. Ժողովին ու Արցախի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Նոր Կիլիկիա գիւղին, Սփիւռքի մարդոյժին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան հետ կապ ունեցող խնդիրներ: