3 January, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013-ը կը հռչակէ ՙՀայ Մօր Տարի՚

Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին հռչակած է «Հայ Մօր Տարի»: Այս առիթով գրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի, 13 Յունուարին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:

 

Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան կ’ըսէ.– «Ներկայ տարին Հայ Մօր Տարի հռչակելով, Մեր սպասումն է, որ՝

ա) Անդրադառնանք մեր կեանքէն ներս հայ մօր վիճակուած նուիրական առաքելութեան:

բ) Վերահաստատենք հայ մօր նկատմամբ մեր ունեցած խորունկ սէրն ու բարձր յարգանքը:

գ) Յիշեցնենք միաժամանակ հայ մօր իր եզակի դերն ու ճշմարիտ դիմագիծը միշտ պայծառ պահելու հրամայականը:

 

Հետեւաբար, Մեր այս սպասումներու լոյսին տակ, Մեր հայրական թելադրութիւնն է ուղղուած մեր Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց ու մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, որ ներկայ տարուան ընթացքին յատուկ նախաձեռնութիւններով վերաշեշտեն ու վերարժեւորեն հայ մօր տիպարը՝ իր հարազատ պատկերով ու առանցքային դերով մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ»:

More News