21 Հուլիսի, 2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անձնական վկայութիւնը Երջանակայիշատակ Գարեգին Վեհափառի վախճանման 10-ամեակին առիթով

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

ԵՐՋՆԿ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՄԱՍԻՆ

ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն անձնական վկայութիւնը գրի առաւ, Երջանակայիշատակ Գարեգին Վեհափառի վախճանման 10-ամեակին առիթով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ Երանաշնորհ Վեհափառին կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորի մը հրատարկութեան առիթով, իբրեւ առաջնորդող խօսք ու վկայութիւն:

 

Երջանկայիշատակ Գարեգին Վեհափառին մասին գրելը կամ խօսիլը ինծի համար միշտ եղած  է ու կը մնայ անձնական վկայութիւն: Միթէ կրնա՞յ ա՜յլապէս ըլլալ շուրջ քառասուն տարիներու վրայ ապրուած փորձառութենէն եկող ոեւէ խօսք իր մասին…:

 

Անձեր կան, որոնք կը յիշուին ամեակէ ամեակ միայն՝ պտղունց մը խունկ ծխելով եւ կամ ՙյաւուր պատշաճի՚ մի քանի խօսքով: Կան նաեւ անձեր, որոնք կ’անդրանցնին ամեակներու նեղ շրջագիծը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ ամբողջ կէս դար մնայուն ներկայութիւն դարձած Գարեգին Վարդապետը, Եպիսկոպոսը ու Վեհափառը միշտ պիտի մնայ, հողէն վեր ու ժամանակէն անդին, ճառագայթող ներկայութիւն՝ Հայրապետական այս Սուրբ Աթոռին ծառայութեան բերած իր գործօն մասնակցութեամբ, անոր հաւաքական կեանքին մէջ իր ունեցած տիրական դերակատարութեամբ, անոր մշակութային իրագործումներուն կատարած իր առանցքային ներդրումով:

 

Անձեր կան, որոնք աթոռով ու հանգամանքով միայն կը ՙմեծնան՚, եւ ապա  կը կորսուին պատմութեան գիշերին մէջ: Կան նաեւ անձեր, որոնք ո՜չ միայն աթոռն ու հանգամանքը կ’արժեւորեն իրենց կեանքի որակով ու գործի մեծութեամբ, այլ կը մնան լուսաւոր ներկայութիւն պատմութեան թատերաբեմին վրայ: Իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ ժամանակն ու միջոցը նուաճած մեր եկեղեցւոյ մեծ դէմքերու խումբին կը պատկանի Գարեգին Վեհափառը:

 

Վերջապէս, անձեր կան, որոնք աշխարհ կու գան ու աշխարհէն կը հեռանան առանց իրենց ետին հետք մը ձգելու: Պատմութեան լուսանցքը լեցուն է նման անձերով…: Գարեգին Վեհափառը ո՜չ միայն իր ապրած օրերուն վրայ իր հետքը ձգեց, այլ նաեւ մեր եկեղեցւոյ գալիք օրերուն վրայ իր անջնջելի դրոշմը պիտի թողու իր հոգեմտաւոր հարուստ վաստակով:

 

Տասը տարիներ անցան, եւ դեռ շա՜տ տարիներ կրնան անցնիլ, Գարեգին Վեհափառի այս երկրաւոր կեանքէն հեռացման: Սակայն, Գարեգին Վեհափառը մի՜շտ պիտի մնայ մեր կեանքէն ներս որպէս մտաւորական փարոս, լուսաւորելու ճամբան  բոլոր անոնց, որոնք հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, հաւատքին ու աստուածաբանութեան հարստութիւնները կ’ուզեն պեղել:

 

Գարեգին Վեհափառը մի՜շտ պիտի մնայ որպէս տիպար ուսուցիչ բոլոր անոնց, որոնք դասարանէն ու դասագիրքէն անդին ուսուցչութիւնը կ’ուզեն վերածել նուիրական կոչումի ու կեանքի մնայուն ընթացքի:

 

Գարեգին Վեհափառը մի՜շտ պիտի մնայ որպէս օրինակելի մտաւորական բոլոր անոնց, որոնք մակերեսային մօտեցումներէն ու ժամանակաւոր շպարներէ անդին լծուած են մտաւորական լուրջ աշխատանքի:

 

Ժամանակը որքան ալ անցնի, երբեք ստուեր պիտի չթողու Գարեգին Վեհափառի վրայ: Ան միշտ պիտի մնայ հայ եկեղեցւոյ կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող լուսատու աստղերէն մէկը:

 

Բի՜ւր յարգանք իր նուիրեալ ծառայութեան ու մեծ վաստակին:

 

                                                             ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                            ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

21 Յուլիս 2009

Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News