«ՀԱՅ ԵՒ ՅՈՅՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԷՆ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
«ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՂՔԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻԼ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ»
Ն. Վ. ՏԻՄԻԹՐԻՍ ԽՐԻՍԹՕՖԻԱՍ
Հինգշաբթի 10 Յունուար 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Տիմիթրիս խրիսթօֆիաս: Նախագահին կ’ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:
Առաջին հերթին Նախագահը ու Վեհափառը առանձին հանդիպում մը ունեցան, որու ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ Կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առնչուած հարցեր:
Ապա Վեհարանի Դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետն ու Նախագահը իրենց ողջոյնի խօսքերը արտասանեցին: Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ այլ մարզերէն ներս: Վեհափառը յայտնեց որ Կիպրոսը մնայուն ներկայութիւն եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ այն իրողութեան թէ երկու ժողովուրդները եղած են ճակատագրակից՝ ենթարկուելով նոյն ցեղասպան թուրքին հալածանքներուն, բռնագրաւման ու ջարդին: Հետեւաբար, «այսօր մեր երկու ժողովուրդները պահանջատէր են. մեր դատը արդարութեան դատ է: Երբ թուրքը կ’ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը, երբ թուրքը կը շարունակէ բռնագրաւումի տակ պահել Կիպրոսի կէսը, միջազգային համայնքը պէտք չէ անտարբեր մնայ՝ միջազգային օրէնքը անտեսող Թուրքիոյ այս քայլերուն նկատմամբ», ըսաւ Վեհափառը: Խօսելով Կիպրահայ համայնքի մասին, Վեհափառը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց պետութեան ցուցաբերած հոգածութեան գծով: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած շրջաններէն ներս գտնուող Սուրբ Մակարայ վանքին, Առաջնորդարանին, եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգապատկան կալուածներուն, եւ յիշեցուց Պրն. Նախագահին, որ պէտք է բարւօք լուծում մը գտնուի՝ միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, բռնագրաւուած կալուածներու հարցին:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը Կիլիկեան «Իշխան»ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը:
Խօսք առնելով Պրն. Նախագահը անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան. ան ըսաւ՝ «ամբողջութեամբ կը բաժնեմ Վեհափառ Հայրապետին արտասանած խօսքը երբ ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ու նաեւ երկու ժողովուրդներու միացեալ պայքարին ի խնդիր արդարութեան»: Նախագահը լայնօրէն խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի կղզիին գրաւման մասին «Կիպրոսի գրաւումը կը շարունակուի Թուրքիոյ կողմէ: Թուրքիան նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանայ Կիպրացի թուրքերու հետ մեր երկխօսութեան: Թուրքիան վտանգաւոր ծրագիրներ ունի ոչ միայն Կիպրոսի այլ ամբողջ շրջանին նկատմամբ», ըսաւ Կիպրոսի Նախագահը: Ապա աւելցուց «հայ եւ յոյն ժողովուրդները զինակից են արդարութեան համար տարուող պայքարին մէջ»: Ապա Նախագահը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան գծով, շեշտելով թէ գրաւեալ շրջաններուն մէջ գտնուող ազգապատկան կալուածներու հարցը Կիպրոսի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել»:
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետն ու Նախագահը ուղղուեցան Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան–մատուռը, ուր Վեհափառ Հայրապետը հոգւոց արտասանեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիներուն համար եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ Պրն. Նախագահին ընդհանրապէս ցեղասպանութեան ու յատկապէս Տէր Զօրէն Անթիլիաս փոխադրուած նահատակներու աճիւններուն մասին:
Նախագահին ընդունելութեան Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամները, Լիբանանի Առաջնորդը, միաբան հայրեր, երեք հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, պետական հայ նախարարներ ու երեսփոխաններ:
Նոյն երեկոյեան, Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը ի պատիւ Կիպրոսի Նախագահին ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը: Նոյն գիշերն իսկ, միօրեայ այցելութեան աւարտին, Կիպրոսի նախագահը վերադարձաւ Կիպրոս: