Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամը, ուղղուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան 15-րդ համագումարի մասնակիցներուն, 4-5 Յուլիս 2009, Երեւան

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 15-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ   Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ անգամ մը եւս կ’ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, այն խոր համոզումով եւ սպասումով, որ հայ գրողներու այս հերթական հաւաքը, իր ընթացիկ աշխատանքներէն անդին, բառին ամբողջական եւ վաւերական իմաստով դառնայ բազմարդիւն ու ապագայատեսիլ հանդիպում մը՝ ինքնաքննադատական ոգիով, համապարփակ…