Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Երուսաղէմի Հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին հետ եւ շնորհաւորեց իր ընտրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ յատուկ գործակցութիւն եղած է միշտ եւ վստահաբար վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուի այդ գործակցութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է որ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներու միջեւ ներքին միասնականութիւնը ու ամբողջական գործակցութիւնը գործնապէս արտայայտուի մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս: