Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Օրհնութեան Գիր կը յղէ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին

Շաբաթ 16 Մարտ 2013ին, UCLA Համալսարանին Հայկական Ամպիոնին Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը յատուկ հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր, պատուելու համար բազմավաստակ դասախօս ու Հայկական Ցեաղասպանութեան մասին ստուար աշխատանք տարած պատմագէտ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յուվհաննէսեանը:

 

Հանդիսութենէն մէկ օր առաջ, Փրոֆ. Յովհաննէսեանը այցելեց հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, եւ Առաջնորդ Սրբազանէն ստացաւ Նորին Սրբութեան յղած Օրհնութեան Գիրը, իր պատմաբանասիրական գործունէութեան 50րդ տարեդարձին առիթովը կազմակերպուած հանդիսութեան:

 

Յայտնենք, որ Փրոֆ. Յովհաննէսեանը նախապէս արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններուն: