19 March, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Սրբազան քահանայապետը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք յատուկ նամակ ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ան իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէր եւ կը խնդրէր որ իր աղօթքներուն մէջ յիշէ զինք: Նոյն նամակին մէջ Ֆրանսիս Ա. Պապը տեղեակ կը պահէր, թէ իր գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 19 Մարտին:

 

Յայտնենք, որ նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը նաեւ նամակ ստացած էր Վատիկանի Քրիստոնէական Միութեան Բաժանմունքէն, ուր հրաւէր ուղղուած էր մասնակից դառնալու Սրբազան Քահանայապետին գահակալութեան արարողութեան:

 

Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի առաւօտեան, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ: Պապը ներկայ օտար եկեղեցիներու պատուիրակները պիտի ընդունի յաջորդ օրը:

 

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արարողութեան պիտի մասնակցի եռանդամ պատուիրակութիւն մը՝ յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ–եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Ազգային Բարերար՝ Տիար Ալեքքօ Պէզիկեանի:

More News