Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները Ուրբաթ 16 Նոյեմբերի երեկոյեան հաւաքուած էին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը պարզած էր, թէ այդ հաւաքին նպաստակն էր առաջին հերթին Լիբանանի մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները ի մի համախմբել, ապա մեր զանազան գաղութներուն մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները մասնակից դարձնել այս գործընթացին, եւ վերջապէս, այս շարժումին ծիրը ընդլայնելով՝ բոլոր հայ համալսարանաւարտները ներառել նոյն գործընթացին մէջ: ՀԵՀՈՄ–ականներ պատրաստակամութիւնը յայտնած էին մասնակից դառնալու Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները հաւաքական աշխատանքի մղող այս յոյժ կարեւոր ծրագրին:
Մի քանի օրեր առաջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներ, խորհրդակցելու համար յառաջիկայ գործնական ծրագիրներուն շուրջ: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նշանակեց յանձնախումբ մը, բաղկացած հետեւեալ անձերէն.– Յակոբ Հանտեան, Սարգիս Սէֆէրեան, Սարգիս Ճիպէլեան, Լիզա Տէր Խաչատուրեան–Պսթաճեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Մարիա Յակոբեան–Երանճեան, Սարգիս Աւետիսեան, Զանի Շահինեան–Մեսրոպեան, Մարինա Քէլէշեան–Հանտեան, Մարիա Աբրահամեան–Կիւրիւնլեան եւ Սարին Եղիազարեան:
Յիշեալ յանձնախումբը իր հանդիպումները պիտի կայացնէ Կաթողիկոսարանէն ներս, Երիտասարդաց Բաժանմունքին աջակցութեամբ: Ան անմիջապէս պիտի սկսի նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներու համախմբումի ու արձանագորւթեան աշխարտանքերուն, թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ Լիբանանէն դուրս: