Պետական Երեսփոխան Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան կը ստանձնեն Պիքֆայայի վանքին Նահատակաց խորանին բարերարութիւնը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին ընդառաջելով, պետական երեսփոխան եւ նախկին նախարար` Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան ստանձնեցին բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք Նահատակաց Խորանին: Սոյն խորանը պիտի կառուցուի հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Նահատակաց Յուշարձանին մօտ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Յիշեալ ծրագիրի իրագործումին համար Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան տրամադրած են երկու հարիւր յիսուն հազար Ամ.…