Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը
Ուրբաթ 15 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, առաջնորդութեամբ վարչութեան Ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանի: Շուրջ երկու ժամ տեւող խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին, լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած աշխատանքները, Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող օժանդակութիւնը շարունակելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան հետ աղերս…