6 January, 2010

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԿԱՌՉԻԼ ՄՆԱՅՈ՜ՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ

 

Ձեր գանձը մի՜ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն…՚ (Մատթ. 6. 19):

 

Այս պատկերաւոր բացատրութեամբ Քրիստոս իր հետեւորդներուն կը յիշեցնէ որ նիւթեղէն ու ժամանակաւոր արժէքներով լեցուն գանձը ժանգ պիտի կապէ ու փճանայ: Հետեւաբար,  կեանքի մնայուն գանձը պէտք է փնտռել այն արժէքներուն մէջ, որոնք ժամանակի ու միջոցի նեղ սահմանները կ’անդրանցնին ու կը պատկանին յաւիտենականութեան: Այլ խօսքով, Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդուն Քրիստոս կոչ կ’ուղղէ հողէն ու հողեղէնէն վե՜ր մնալու, երկի՜նքը ապրելու երկրի վրայ եւ անկորնչելի արժէքներով հարստացնելու ու իմաստաւորելու իր կեանքը:

 

Ահա պատգամը Քրիստոսին՝ դարերէն եկող ու դարերուն գացող…:

 

Ի՞նչ է արժէքը: Ընկերաբաններ, փիլիսոփաներ, քաղաքագէտներ եւ ընկերութեան կեանքի այլ մարզերուն պատկանող մարդիկ բնականաբար ունին իրենց յատուկ սահմանումը: Եթէ փորձենք, որպէս քրիստոնեաներ, այս հարցադրումին պատասխանը որոնել, պէտք է դառնանք Աստուածաշունչին:

 

Քրիստոնէութիւնը խարսխուած է ո՜չ թէ օրէնքներու, այլ արժէքներո՜ւ վրայ, որոնք աստուածային յայտնութեան ճամբով տրուեցան մարդուն: Աստուածային յայտնութիւնը իր լրումին հասաւ երբ՝ ՙԲանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ՚ (Յովհ. 1. 14): Արդ, Բեթղեհէմին մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդին աղբիւր է երկնային արժէքներու: Ան ըսաւ՝ ե՜ս եմ ճշմարտութիւնը (Յովհ. 14. 6) եւ լոյսը աշխարհին (Յովհ. 8. 12). ես եմ ճանապարհը (Յովհ. 14. 6) ճշմարիտ կեանք (Յովհ. 10. 10) առաջնորդող:

 

Արդարեւ, մարդկային կեանքին առնչուած զանազան պատկերներու, կացութիւններու ու երեւոյթներու ճամբով Քրիստոս ցոյց տուաւ մարդուն թէ արժէքը կեանքի այն որակն է, այն ընթացքը ու նպատակը, որուն կեդրոնը Աստուա՜ծ է: Ան իր կեանքին օրինակով հրաւիրեց մարդը աստուածակեդրոն արժէքներուն ՙայո՜՚ ըսելու եւ մարդակեդրոն արժէքներուն ՙո՜չ՚ ըսելու քաջութիւնը ունենալու:  Քրիստոս մարդակեդրոն արժէքներուն վրայ հիմնուած համակարգը քանդեց եւ Բեթղեհէմի լոյսով, Գողգոթայի արիւնով ու Յարութեան յաղթանակով հիմքը դրաւ երկնային արժէքներու համակարգին:

 

Աւետարանը կենդանի վկայարանն է Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած յաւերժական արժէքներուն: Ան աշխարհին ուղղուած յիշեցում մըն է, թէ Բեթղեհէմէն ճառագայթող արժէքներն են սրբազան գանձը բոլոր անոնց, որոնք որոշած են հետեւիլ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուած նոր ճամբուն: Քրիստոսի Աւետարանը միաժամանակ մարտահրաւէր մըն է՝ մարդկային կեանքը աստուածատո՜ւր արժէքներով հունաւորելու, երկիրը երկինքո՜վ իմաստաւորելու ու պայծառակերպելու:

 

Ներկայ ընկերութեան ամէնէն լուրջ տագնապը աստուածակեդրոն ու մարդակեդրոն արժէքներու բախումն է: Փաստօրէն այսօրուան մարդը կարող չէ ինքզինք ազատագրելու երկրաւոր արժէքներու, այլ խօսքով՝ փառքի ու շահի, նիւթի ու ժամանակաւորի տիրապետութենէն: Պահ մը դիտեցէ՜ք ձեր շուրջը: Կենսոլորտը, մարդուն միակ բնակարանը, քանդումի եզրին կը գտնուի: Բռնութիւնը, զանազան կերպերով ու արտայայտութիւններով մահ ու սարսափ կը սփռէ ամէն տեղ: Մէկ կողմէն՝ աղքատութիւնը միլիոնաւոր մարդոց հետզհետէ կը խորանայ, եւ միւս կողմէն՝ հարստութիւնը փոքրաթիւ մարդոց հետզհետէ աճ կ’արձանագրէ: Մէկ կողմէն՝ որոշ ազգեր կը շարունակեն մնալ զոհը անարդարութեան, եւ միւս կողմէն՝ բռնակալներ ու ցեղասպաններ կ’արժանանան պատիւի ու մեծարանքի: Երկնային ու երկրաւոր արժէքներու բախումին եւ անոր ազդեցութեան ենթակայ են ընկերութեան կեանքի բոլո՜ր մարզերը:

 

Համաշխարհայնացումի պիտակին եւ աշխարհաքաղաքական շահերու ետին թաքնուած մարդակեդրոն արժէքներու համակարգը սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել նաե՜ւ հայ կեանքէն ներս՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Անոր հետեւանքները կը տեսնենք մեր ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու կառոյցներէն ներս: Անոր հետքերը կը նշմարենք մեր ըմբռնումներուն ու մօտեցումներուն, մեր կենցաղակերպին ու գործելակերպին մէջ: Արդարեւ, նոր պայմաններուն ու ժամանակներուն հետ քայլ պահելու եւ իրատես ու գործնապաշտ ըլլալու հեռանկարով առնուած քայլերը, հայ կեանքի բոլո՜ր մարզերէն ներս, յաճախ մեզ կը հեռացնեն մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն: Զգո՜յշ. մեր կեանքի անդաստանը, հոգեւոր ու ազգային իմաստով, կրնայ ցամքիլ՝ առանց այս արժէքներէն հոսող կենսատու աւիշին…: Զգո՜յշ. չդառնանք զոհը խաբուսիկին, մակերեսայինին, ժամանակաւորին:

 

Դարեր շարունակ հայ եկեղեցին հաւատարիմ շեփորահարը եւ առաքեալը դարձաւ վաւերակա՜ն արժէքներուն: Այսօր ան կոչուած է վերանորոգ յանձնառութեամբ յուշարարը դառնալու այն արժէքներուն, որոնք նոյնացան մեր ապրումներուն ու տագնապներուն, մեր մաքառումներուն ու ձգտումներուն հետ. թրծուեցան մեր հողին ու արեան հետ եւ դարձան մեր ինքնութեան աղբիւրը, մեր հզօրութեան կռուանը, մեր կեանքին գերագոյն գանձը, մեր անմահութեան երաշխիքը:

 

Մարդակեդրոն շահերու վրայ հիմնուած արժէքները ո՜չ միայն բարոյական, հոգեւոր ու ազգային առումով անկում կը յառաջացնեն, այլ նաեւ անհատը ու ընկերութիւնը կը մղեն չարով ու մեղքով տիրապետուած կեանքի վիճակներուն: Նմանօրինակ ըմբռնումներուն ու կացութիւններուն դէմ խիստ կեցուածք ճշդեց Աստուծոյ Որդին: Խարազանեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից էին այդ մոլար ու մոլորեցուցիչ երեւոյթներուն:

 

Արդ, մեր կեանքէն ներս յաւերժական արժէքներուն հետզհետէ նօսրացող ներկայութիւնը մեր եկեղեցին պէտք է մղէ իր ձայնը բարձրացնելու: Մեր կեանքէն ներս հետզհետէ տեղ գրաւող արժեչափերու խախտումը, մեր եկեղեցին պէտք է մղէ իր ճշմարիտ դերը ստանձնելու:

 

Մեր եկեղեցին հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ չի՜ կրնար ըլլալ: Ան ըսելիք ու ընելիք ունի հոն՝ ուր շահերը կը ճշդեն արժէքներու վաւերականութիւնը, ուր անձերը կը պայմանաւորեն արժէքներու համակարգը, ուր պարտաւորութիւնն ու համարատուութիւնը կը նահանջեն ու իշխանութիւնը կը դառնայ արժէք: Մեր եկեղեցին ըսելիք ու ընելիք ունի հոն՝ ուր նիւթը կը դառնայ հիմքը արժէքի, ուր հանգամանքը կը վերածուի արժեչափի, ուր արժէքները կը դառնան սպասարկու մարդու փառքին ու հաճոյքին…:

 

Քրիստոսին աշխարհ բերած ՙառաւել կեանք՚ առաջնորդող ճամբան երկնային արժէքներն են: Երկրաւոր արժէքները դատապարտուած են ցեց ու ժանգ առնելու: Միշտ յիշենք Քրիստոսի խօսքը. մեր կեանքին անկորնչելի գանձը Բեթղեհէմի ճամբով մեզի փոխանցուած արժէքներն են: Հեռու այդ գանձէն, աղքա՜տ է մեր կեանքը: Բեթղեհէմը հրաւէր մըն է մօտենալու այդ գանձին, կառչելու ճշմարի՜տ արժէքներուն:

 

Հայրապետական Օրհնութեամբ՝

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Յունուար, 2010

Անթիլիաս, Լիբանան                                                                                        

 

More News