Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Սերժ Սարգսեանի վերընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց անոր: Նորին Վսեմութիւն Տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ, Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր վերընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ, հայրենի մեր սիրելի զաւակներուն Ձեր անձին նկատմամբ ցուցաբերած այս…