ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ՝ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՙՈՉ՚ԻՆ ՈՒ ՙԱՅՈ՚ԻՆ
Ազգերու պատմութիւնը կը կերտուի հաւաքական ՙՈՉ՚ով ու ՙԱՅՈ՚ով: Ազգի մը հաւաքական կամքը, հաւատքը ու տեսիլքը կ’արտայայտէ իր ՙՈՉ՚ը կամ ՙԱՅՈ՚ն՝ դառնալով ազգին կեանքի ուղին, հզօրութեան աղբիւրը, գոյապայքարին առանցքը ու յաւերժութեան երաշխիքը:
Այսպէ՜ս եղած է նաեւ պատմութիւնը մեր ժողովուրդին: Նայեցէ՜ք դարերու վրայ տարածուած մեր երգի ու վէրքի, տառապանքի ու յաղթանակի պատմութեան: Բելին դէմ ուղղուած Հայկի ՙՈՉ՚ով, Տրդատ թագաւորին դէմ ուղղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ՙՈՉ՚ով, Յազկերտին դէմ ուղղուած Վարդան Մամիկոնեանի ու Ղեւոնդ Երէցի ՙՈՉ՚ով, Բիւզանդական ու Օսմանեան կայսրութիւններուն կեղեքումներուն ու հալածանքներուն դէմ ուղղուած մեր ժողովուրդի հաւաքական ՙՈՉ՚ով եւ խոր հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ կռանուած մեր պատմութեան բոլո՜ր ժամանակներուն ՙՈՉ՚երով մենք նուաճեցինք մնալու ու գոյատեւելու մեր յաղթանակը՝ ի գին ամէ՜ն զոհողութեան:
ՙՈՉ՚ի կողքին մեր ժողովուրդը նաեւ քաջութիւնը ունեցաւ իր հաւաքական ՙԱՅՈ՜ ՚ն ըսելու: ՙԱՅՈ՚ ըսաւ ան քրիստոնէական հաւատքին ու անոր հրամայականներուն: ՙԱՅՈ՜ ՚ ըսաւ իր ինքնութիւնը կազմաւորելու կոչուած հոգեմտաւոր արժէքներուն: ՙԱՅՈ՜ ՚ ըսաւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն, կենդանի թէ արեան վկայութեամբ, որոնք մեր ազգին ու հայրենիքին յաղթանակը կ’ապահովէին՝ առաջնորդելով զայն դէպի անկախութիւն ու միասնականութիւն:
Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդը իր միակամ ու քաջ ՙՈՉ՚երով ու ՙԱՅՈ՚ներով ազգաշինութեան ու հայրենաշինութեան ճամբուն վրայ մեծ նուաճումներ արձանագրեց ու մնա՜ց պատմութեան արիւնոտ ճամբաներուն վրայ:
Այսօր, մեր ժողովուրդը կը գտնուի իր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին: Հայ կեանքը փոթորկած է ամէն տեղ. հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով կը մերժէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ պետութիւններուն միջեւ նոյն այս ժամերուն Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուելիք համաձայնագիրերը: Հակառակ այս ուղղութեամբ տրուած լուսաբանութիւններուն փաստօրէն մեր ժողովուրդը չէ համոզուած:
Մենք, որպէս այս ժողովուրդին ծառայութեան լծուած հովուապետ, չենք կրնար անտեսել մեր ժողովուրդի այս հաւաքական պոռթկումը: Ցեղասպանութիւնը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՜ղջ հայութեան մարմնին վրայ կոտտացող վէրք է. ան առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող համազգային հիմնահարց է: Հետեւաբար, ժողովրդային պոռթկումը Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական ոստաններէն մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա եւ ի սփիւռս աշխարհի սովորական երեւոյթ մը չէ: Ժողովուրդը ի՜նքն է մեր հաւաքական ուժի աղբիւրը: Չմոռնանք, որ հայրենիքը ժողովո՜ւրդն է. պետութիւնը ժողովո՜ւրդն է, եկեղեցին ժողովո՜ւրդն է: Երբ ժողովուրդ չկայ, անոնք կը կորսնցենեն իրենց իմաստն ու նպատակը:
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ համաձայնագրեր կը ստորագրուին ու ապա չեղեալ կը նկատուին: Էականը ժողովուրդին ՙԱՅՈ՜՚ն է կամ ՙՈՉ՚ը: Դա՜րձեալ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ կառոյցներ ու կայսրութիւններ կու գան ու կ’երթան: Յաւերժականը ժողովո՜ւրդն է, ժողովուրդին հաւաքական ներուժն է, անոր քաջութիւնը ու իմաստութիւնը խտացնող հաւաքական կա՜մքն է:
Սա պահուն, մեր ժողովուրդը դա՜րձեալ իր ՙՈՉ՚ը ու ՙԱՅՈ՚ն կ’ըսէ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւններուն դիմաց՝ վերանորոգ հաւատքով, ամուր վճռակամութեամբ ու գիտակից յանձնառութեամբ:
Ո՜Չ՝ այն բոլոր համաձայնագրերուն, որոնք հարցականի տակ կ’առնեն 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Պատմութեան մէջ արձանագրուած սեւ էջ մըն է հայկական ցեղասպանութիւնը՝ ականատեսներու վկայութիւններով ու փաստացի տուեալներով: Հետեւաբար, ան ոեւէ մէկուն կողմէ, ոեւէ՜ պայմաններու մէջ քննարկութեան կամ սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ:
ՈՉ՝ այն բոլոր մօտեցումներուն, որոնք կը փորձեն հայ դատը պարպել իր իրաւական ու քաղաքական պարունակէն՝ զայն վերածելով սոսկ մեր նահատակներու հոգիներուն համար կատարուող մոմավառութեան:
Ո՜Չ՝ այն բոլոր մտածելակերպերուն, որոնք մի քանի ստորագրութիւններու ճամբով կը փորձեն մեր ժողովուրդի կեանքէն առյաւէտ հեռացնել մեր պապերու քրտինքով ու արիւնով, խունկով ու աղօթքով շաղախուած Կարսն ու Արտահանը, Անին ու Սիսը, մեր դարաւոր վանքերն ու եկեղեցիները, մեր յաւերժայաղթ Արարատը…:
Ո՜Չ՝ այն բոլոր գործելակերպերուն, որոնք կը փորձեն ճեղքեր յառաջացնել մեր գաղութներէն ներս՝ Սփիւռքը հեռացնելով Հայաստանէն, կամ Հայաստանը՝ Սփիւռքէն, ինչպէս կը փորձէ ցեղասպան Թուրքիան ի՜նք, իր նախագահին ու վարչապետին ճամբով: Մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը, հակառակ տեսակէտներու տարբերութեանց, իւրաքանչիւր հայուն համար պէտք է դառնայ ՙսրբութիւն սրբոց՚: Տարբեր ըլլալ չի նշանակեր միասնական չըլլալ. տարբեր ըլլալ չի նշանակեր մեր ազգի ու հայրենիքի գերագոյն շահերն ու սրբազան արժէքները ամէն նկատումներէ ու ժամանակաւոր հաշիւներէ վեր չնկատել:
ՙՈՉ՚ը նաեւ կ’ենթադրէ ՙԱՅՈ՜ ՚: Մեր պատմութեան ձայնին ականջալուր, մեր նահատակներու կտակին հաւատարիմ, մենք այսօր միահամուռ կերպով կ’ըսենք նաեւ մեր հաւաքական ՙԱՅՈ՜ ՚ն:
ԱՅՈ՜՝ այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնք մեր նահատակներու սրբազան կտակին հաւատարմութեամբ առաւել կենսունակութեամբ պիտի շարունակուին՝ ի խնդիր մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման: Թող աշխարհը իմանայ, որ հայ ժողովուրդը պիտի մնայ պահանջատէր. ո՜չ մէկ զիջում մեր իրաւունքներէն, ո՜չ մէկ ընկրկում մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ: Մեր նահատակները մեզի կ’ըսեն,՝ իրաւունք չունիք անպատժելիութեան վկայագիր շնորհելու մէկուկէս միլիոն հայ ջարդած ցեղասպան Թուրքիոյ: Արդարեւ, ի՜նչ հեգնանք… տակաւին քանի մը օրեր առաջ Ռուանտայի ցեղասպանութեան հեղինակներէն մէկը ձերբակալուեցաւ Ուկանտայի մէջ, դատուելու համար միջազգային ատեանին կողմէ: Իսկ հայ ժողովուրդի ցեղասպաններուն զաւակները այսօր բանակցութեան ճամբով կը փորձեն լռեցնել հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ձայնը…:
ԱՅՈ՜՝ այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին հատուցում կը պահանջեն ցեղասպանէն: Չմոռնանք Հիթլէրի կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 20-րդ դարու բոլոր ցեղասպանութիւնները, որոնք ոչ միայն միջազգային ճանաչում ստացան, այլ նաեւ՝ հատուցում:
ԱՅՈ՜՝ այն բոլոր ճիգերուն, որոնք կը ձգտին մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը աւելի՜ ամրապնդել ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը խորացնել: Հայաստանի հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն, ամբո՜ղջ հայութեան նուիրական պարտաւորութիւնն է: Թող հայրենի մեր ժողովուրդը վստահ ըլլայ, որ բոլո՜ր պայմաններուն մէջ Սփիւռքի հայութիւնը զօրավիգ պիտի կանգնի Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման:
Ի՞նչը կ’ողջունեն սա պահուն մեծ պետութիւնները Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցող համաձայնագրերու ստորագրութեամբ՝ հայկական ցեղասպանութեան ուրացու՞մը, Թուրքիոյ անպատժելիութեան նուիրագործո՞ւմը, անարդարութեան վաւերացո՞ւմը…:
Միջազգային համայնքը պէտք է համարատուութեան կանչէ մարդկութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան հեղինակներուն ժառանգորդները: Այս կը պահանջէ միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ ազգերու միջեւ կնքուած բոլոր ուխտերը: Մենք կը մնանք հաւատարիմ մեր նահատակներու նուիրական կտակին, մեր ազգային պահանջատիրութեան:
Մեր Տէրը Քրիստոս ըսաւ՝ ՙՁեր Այոն Այո՜ թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ո՜չ՚ (Մատթ. 5. 37): Սփիւռքը ըսած է իր խօսքը յստակօրէն. ՙԱկանջ ունեցողը թող լսէ…՚ (Մատթ. 1. 15):
Հաւատարիմ Քրիստոսի պատուէրին, մեր ժողովուրդը դարաւոր պատմութեան ընթացքին իր արտասանած բոլոր ՙՈՉ՚երուն ու ՙԱՅՈ՚ներուն մնաց յանձնառու: Նո՜յն հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ սա պահուն հազարաւոր հայորդիներ համախմբուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մեր նահատակներու աճիւնները պարփակող Մատրան շուրջ, միահամուռ կերպով կ’ըսեն իրենց պատմական ՙՈՉ՚ը: Վստահ եմ որ այս ՙՈՉ՚ին կու գան միանալու աշխարհի բոլոր անկիւնները սփռուած մեր ժողովուրդի զաւակները՝ թոռներն ու ծոռերը մեր նահատակներուն:
Հայրապետական այս դարաւոր Սուրբ Աթոռը, որպէս զոհը ցեղասպանութեան, քալեց մեր ժողովուրդին հետ Գողգոթայի ճամբէն: Հաւատարիմ իր հոգեւոր կոչումին ու ազգային դերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ պիտի մնայ մեր ժողովուրդի կողքին՝ ի խնդիր անոր արդար իրաւունքներու վերատիրացման:
Ո՜Չ՝ անձնատուութեան, ԱՅՈ՜՝ պահանջատիրութեան:
Ո՜Չ՝ պարտուողականութեան, ԱՅՈ՜՝ յաղթութեան:
Ահա՜ մեր ճամբան, հայո՜ւ ճամբան:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս
10 Հոկտեմբեր 2009